By Asbarez | Tuesday, 10 October 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Հայաստանի կառավարութիւնը Հինգշաբթի օրուան իր նիստով հաստատեց կաթիլային ոռոգման համակարգերու արտադրութեան ծրագիրը: Առաջնահերթ համարուող այս ոլորտէն ներս իրականացուող սոյն ներդրումային ծրագիրի շրջանակին մէջ, <<Նիւպլաստ>> ընկերութիւնը պիտի կարենայ օգտուիլ ծրագիրին համար հարկաւոր արհեստագիտական սարքաւորումները, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերը, հումքն ու նիւթերը ներմուծելու մաքսատուրքէն ազատելու արտօնութենէն։
Ներմուծուող իրերը պիտի օգտագործուին կաթիլային ոռոգման համակարգերու արտադրութեան համար: Ծրագիրի շրջանակէն ներս, ցարդ արդէն իսկ կատարուած է 3 միլիառ դրամի ներդրում, եւ կը նախատեսուի 1.1 միլիառ դրամի ներդրում եւս:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ ստեղծել 25 նոր աշխատանքի առիթներ՝ 200,000 դրամ միջին աշխատավարձով: Նախատեսուած արտադրանքին ծաւալը պիտի կազմէ 2 միլիառ դրամ, որ ամբողջութեամբ պիտի վաճառուի Հայաստանի մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ