Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Վայոց Ձորի մարզ

By Asbarez | Tuesday, 10 October 2017

Աշխատանքային այցելութեամբ Վայոց ձորի մարզ գտնուող հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 հոկտեմբերի  երեկոյեան Ջերմուկ քաղաքին մէջ հետեւած է Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի եւ Ճատրակի եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեամբ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային կազմակերպած Եւրոպայի պատանեկան <<Կրան փրի>> մրցաշարքի 2-րդ փուլի ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 4-էն 15 հոկտեմբերին <<Ջերմուկ աշխարհ>> նորակառոյց պանդոկին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը 7 հոկտեմբերի առաւօտեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի եւ կառավարութեան առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ շրջագայած է Ջերմուկի մէջ` դիտած քաղաքի ձախափնեայ թաղամասին մէջ սկսած շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը: Նախագահին զեկուցուած է, որ բոլոր շինարարական եւ վերահսկողութեան աշխատանքներուն աւարտը, բացառութեամբ տանիքաշինութեան ծրագիրին, նախատեսուած է ընթացիկ տարեվերջին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յանձնարարած էր այդ աշխատանքներուն մէջ ներառել նաեւ սեփական մարզը, որպէսզի ծրագիրը դառնայ  աւելի ընդգրկուն եւ խորածաւալ: Եռամսեայ ժամկէտի մը մէջ մշակուած է  շուրջ 25 ծրագիր` ուղղուած քաղաքի ենթակառուցուածքներու, բնապահպանական, հանգիստի, զբօսաշրջութեան խթանման, ինչպէս նաեւ քաղաքի բնակչութեան կենցաղային պայմաններու բարելաւման խնդիրներու լուծման:

Ջերմուկի մէջ նախագահ Սարգսեան ծանօթացած է նաեւ աջափնեայ  թաղամասին եւ Կեչուտի ջրամբարի դրացնութեամբ նախատեսուած կառուցապատման ներդրումային ծրագիրներու մշակման ընթացքին:

Աւարտելով Վայոց ձորի մարզի աշխատանքային այցելութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանը մեկնած է Սիւնիքի մարզ:

Սիւնիքի Մարզին Մէջ Մասնակցութիւն`
Սպարապետի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Աշխատանքային այցելութեամբ 7 հոկտեմբերին Սիւնիք այցելած նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է մարզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող Սպարապետի օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն:

Հանրապետութեան նախագահը ձեռնարկներու ծիրին մէջ այցելած է Խնձորեսկ համայնքին մէջ գտնուող Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը, ծաղիկներ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Սպարապետի յիշատակին, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուած է օրուան խորհուրդին ներքեւ կազմակերպուած կալա համերգին:

Խնձորեսկի մէջ Սպարապետի օրուան նուիրուած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն զուգահեռ տեղի ունեցած են ժողովրդական տօնախմբութեամբ, երգ ու պարով, աւանդական տարբեր մարզաձեւերով մրցումներ:

Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը այցելած է Գորիսի մէջ գտնուող Ակսել Բակունցի տուն-թանգարան: Նախագահին ներկայացուած է, որ 2012-2014 թուականներու ընթացքին թանգարանին մէջ կատարուած են հիմնանորոգման աշխատանքներ, բարեկարգուած է ցուցասրահը, ամբողջովին փոխուած են շարժական ցուցադրական վահանակները, ցուցափեղկերը եւ այլն:

Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է նաեւ հիմնանորոգուող <<Գորիս>> պանդոկի պայմաններուն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement