Վարչապետ Կարապետեան մասնակցած է Վանաձորի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն

By Asbarez | Tuesday, 10 October 2017

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթ, 7 հոկտեմբերին մասնակցած է Վանաձորի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

<<Բարեկամութեան երթ>> ձեռնարկի շրջագիծին մէջ վարչապետ Կարապետեան դիտած է Վանաձորի քոյր քաղաքներու մշակոյթը  ներկայացնող գեղարուեստական ելոյթները, այցելած է Վանաձորի կերպարուեստի թանգարան, ներկայ գտնուած է Թումանեանի հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգին, զրուցած վանաձորցիներուն հետ եւ շնորհաւորած զանոնք իրենց քաղաքի օրուան առիթով:

Այցելութեան ընթացքին վարչապետ Կարապետեան նաեւ ներկայ գտնուած է իրանական <<Ռատ Սանէ Վաշամիր կրուփ>> ընկերութեան կողմէ Լոռիի մարզին մէջ կառուցուող գործարաններու հիմնարկէքի արարողութեան:

<<Ռատ Սանէ Վաշամիր կրուփ>> ընկերութիւնը Լոռիի մարզին մէջ կը  նախատեսէ ներդրումային ծրագիր իրականացնել: Ներդրումներու  ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ մօտաւորապէս 130 միլիոն ամերիկեան  տոլար, աշխատողներու թիւը (ենթակառուցուածքներու հետ միասին)` մինչեւ 2000 հոգի: Ներդրումները կը նախատեսուին 3 ուղղութիւններով` հեղուկներու յատուկ անօթներու, ածխաթթու մանրաթելի արտադրութեամբ զբաղող գործարաններու հիմնում եւ գիւղատնտեսական համալիրի կառուցում:

 

Վարչապետը ողջունած է իրանական ընկերութեան կողմէ մեր երկրին մէջ նման ծաւալով ներդրումային ծրագիր իրականացնելու նախաձեռնութիւնը` վստահեցնելով, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է անոր յաջող իրականացումով եւ պատրաստ է որեւէ  հարցով աջակցիլ:

Այնուհետեւ վարչապետը այցելած է Վանաձորի <<Թթու ջուր>> կոչուող տարածք եւ ծանօթացած զայն զբօսաշրջային առումով գրաւիչ հանգստեան գօտի դարձնելու ներդրումային ծրագիրի վերաբերեալ մշակուած առաջարկներուն: Վարչապետին զեկուցուած է, որ կը նախատեսուի <<Թթու ջուր>> հանգստեան գօտիի եւ Բոշեան փողոցի բարեկարգում, Բոշեան փողոցին մէջ հասարակական սպասարկման կեդրոնի կառուցում եւ արգելոց հնավայրի հիմնում:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է համակարգուած աշխատանքներու իրականացումը` ներդրողներ ներգրաւելու համար:

Վարչապետի վանաձորեան այցելութեան յաջորդ տեղը նախկին <<ԶԱԳՍ>>-ի շէնքի տարածքը եղած է. վարչապետը ծանօթացած է այնտեղ ներդրումային ծրագիրի իրականացման կարելիութիւններուն եւ պատասխանատուներու հետ քննարկած է անոր վերաբերող հարցեր: Ապա վարչապետը քալած է դէպի Վանաձորի Թումանեան հրապարակ, ծանօթացած քաղաքին մէջ աղբահանութեան եւ մաքրութեան ապահովման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Այցելութեան աւարտին վարչապետ Կարէն Կարապետեան եղած է նաեւ քաղաքի <<Մօր եւ մանկան այգի>>-ին մէջ, ծանօթացած է կատարուած վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնքներուն:


comments