Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցած են

By Asbarez | Tuesday, 10 October 2017


7 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց  նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան շնորհաւորած է Մասիս Մայիլեանը Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` յաջողութիւն մաղթելով այդ կարեւոր ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ:

Նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Մասիս Մայիլեանը կարեւոր նկատած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ պարբերական հանդիպումներու կազմակերպումը եւ կարծիքներու փոխանակումը:

Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր, միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն վերաբերեալ:

Արտաքին գործոց նախարարները արծարծած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement