Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպեցաւ Իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Wednesday, 11 October 2017

12 mins ago

1011iranarmenians

Իրան կատարած պաշտօնական այցին ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը այցելեց <<Արարատ>> մարզամշակութային համալիր, ուր հանդիպեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի եւ գործարար հատուածի ներկայացուցիչներու հետ:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, որ վարչապետը նախ ներկայացուցած է պաշտօնական այցին ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները եւ արդիւնքները: Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան հարեւան Իրանի հետ ունի տնտեսական համագործակցութեան, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումի մեծ ներուժ. անոնց իրականացման ուղղութեամբ ներկայացուած են զանազան առաջարկներ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կարգերն ու հնարաւորութիւնները: Վարչապետը նշեց, որ Իրանի իշխանութիւններուն հետ քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հարցեր, մասնաւորապէս Հայաստան, Իրան, Թուրքմենիստան եռակողմ ձեւաչափով փոխգործակցութիւնը:

<<Վստահ եմ, որ այս եռակողմ համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելնալուն: Ընդհանրապէս, մեր իրանցի գործընկերներուն հետ համաձայնած ենք վերսկսիլ մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն համատեղ շարունակելու կարողութիւնները միաւորելու աշխատանքները՝ լաւ արդիւնքներ ունենալու համար>>, ըսաւ վարչապետը:

Դիմելով իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ վարչապետը ըսաւ. <<Կ՛առաջարկեմ բոլորիդ ձեր քայլերով ամուր կամուրջ հանդիսանալ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն միջեւ՝ ո՛չ միայն հայրենասիրական մղումներով, այլ նաեւ շահութաբեր գործարարութեամբ: Համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ շահութաբեր ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւններ կան, եւ մեր կառավարութիւնը պիտի կանգնի իւրաքանչիւր գործի կողքին: Բոլորիդ կ՛առաջարկեմ ապրիլ երկու տան մէջ՝ մէկն այստեղ, միւսը՝ Հայաստանի մէջ>>:

Այնուհետեւ, Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները եւ շեշտեց, որ յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ իրականացուող քայլերը միտուած են գործարարութեան համար հաւասար եւ բարենպաստ պայմաններու ստեղծման: <<Բարեփոխումներ սկսած ենք բոլոր ուղղութիւններով՝ հաշուի առնելով իրականացուած ախտորոշման արդիւնքները: Մեր նպատակն է ախտորոշումով պարզել, թէ ի՛նչը յատկապէս կը խոչընդոտէ տնտեսութեան զարգացման: Այդ առումով, մեր ծրագիրները ուղղուած են կառավարման, տնտեսութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան պարզացման ու բարելաւման>>, ըսաւ ան:

Նոյն ատեն ան տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան առաջին 8 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 5.5 տոկոսի տնտեսական աճ, այն պարագային, երբ պետական պիւտճէի նախագիծով կանխատեսուած էր 3.2 տոկոսի աճ:

<<Ունինք 21 տոկոսի արտածման, 28.6 տոկոսի ներածման աճ եւ ուրախալի է, որ ներածման շուրջ 50 տոկոսը դրամագլուխի ներդրումներ են ու միտուած են գործարարութեան զարգացման, այլ ո՛չ թէ սպառման: Մենք վճռած ենք զարգացնել մեր երկրի տնտեսութիւնը եւ գործի համար ստեղծել թափանցիկ ու հաւասար պայմաններ: Վստահ եմ, որ տնտեսական աճ ապահովելու բոլոր հնարաւորութիւնները ունինք>>, յայտնեց Կարապետեան:

Վարչապետը պատասխանեց իրանահայերու շարք մը հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հայ-իրանեան տնտեսական համագործակցութեան զարգացման, Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, փոխադրամիջոցներու, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ոլորտներու մէջ իրականացուող քայլերուն եւ նախագիծերուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման եւ այլն:

Հանդիպման աւարտին, կառավարութեան ղեկավարը շրջայց կատարեց <<Արարատ>> մարզամշակութային համալիրին մէջ եւ ծանօթացաւ պայմաններուն ու հնարաւորութիւններուն:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement