Լրագրողներուն հետ Աղուան Վարդանեանի զրոյցը խորհրդարանին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 11 October 2017

 



ԵՐԵՒԱՆ - Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, թէ ուրախ է, որ Ակրամունթ ի վերջոյ չդիմացաւ ճնշումներուն եւ հրաժարական տուաւ: Ըստ Վարդանեանի՝ ով ալ ըլլայ ԵԽԽՎի յաջորդ նախագահը, բնականաբար, հետեւութիւններ պիտի կատարէ:

<<Ասիկա մէկ օրուան պատմութիւն չէ: Ատրպէյճան բաւական լուրջ ճնշումներու տակ է>>, ըսաւ ան եւ աւելցուց. <<Ի՛նչ պիտի ընէ Ատրպէյճան՝ իր հարցն է. դուրս կու գայ ԵԽԽՎէն, թէ ոչ, մեր հարցը չէ: Մենք այդ կառոյցներուն անդամ ենք, մենք պարտաւոր ենք կատարել մեր պարտականութիւնները: Մենք պէտք է կարենանք մեր պատկերացուցած արժէքային համակարգին մօտիկ ըլլալ: Այս հրաժարականէն ետք  հետեւութիւններ պիտի կատարեն եւրոպական տասնեակ օրէնսդիրներ>>, յայտարարեց ան:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան 2018ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ առաջադրման հարցով: <<Միշտ խուսափած եմ <<եթէ>>ներով հարցումներուն պատասխանելէ, ատիկա անլուրջ է: Կայ օրէնսդրութիւն, կայ Հանրապետական կուսակցութիւն, որուն, ըստ մեր համաձայնագիրին, կը պատկանի վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը, եւ երբ այդ իրաւունքը կիրարկուի, մենք այդ մասին կը խօսինք: Հիմա այդ մասին խօսիլը ժամանակավրէպ է>>, նշեց ան:

Աղուան Վարդանեան խորհուրդ տուաւ համբերատար ըլլալու՝ նշելով, որ կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր հարցումներուն պատասխանները կը յստականան:

Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ շաբթուան իրադարձութիւնը ցմահ դատապարտեալ Մհեր Ենոքեանի դատավարութիւնն է:

<<Մենք ունինք դատապարտեալ Մհեր Ենոքեան: Արդէն 21 տարիէ ի վեր բանտը կը գտնուի. երկու անգամ փախուստ կատարած է, մէկ անգամ՝ փախուստի փորձ եւ այս 21 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով դատարանին մէջ փոքր յաղթանակ մը ունեցաւ, որ նաեւ տուեալ դատաւորին մարդ ըլլալով կը պայմանաւորուի: Կը հաւատամ, որ, ի վերջոյ, անոր ճակատագիրը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի>>, ըսաւ Աղուան Վարդանեան

Լրագրողները հարցուցին, եթէ ՀՅԴն պիտի մասնակցի 5 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, Վարդանեան ըսաւ, որ իրենք շարք մը համայնքներու մէջ թեկնածուներ առաջադրած են, սակայն հիմնական մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ աւագանիներու ընտրութեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement