Պաշտպանութեան ոլորտի օրէնսդրական դաշտը ի մի բերելու կարիք կայ. Վիգէն Սարգսեան

By Asbarez | Thursday, 12 October 2017

1012viken

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Պաշտպանութեան ոլորտի օրէնսդրական դաշտը ի մի բերելու կարիք կայ: 11 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ <<Զինապարտութեան եւ զինուորական ծառայութեան մասին օրէնսդրական նոր կարգաւորումներուն վերաբերեալ>> թեմայով խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին, իր ելոյթին մէջ յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Ըստ նախարարին՝ խորհրդարանական լսումներուն նպատակը հանրութեան օրէնսդրական նոր կարգաւորումներուն մասին առաջարկը ներկայացնելն է:

Վիգէն Սարգսեան ըսաւ, որ <<Պաշտպանութեան մասին>> եւ <<Զինուորական ծառայութեան մասին>> օրէնքներու ընդունումը կապուած է սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ, քանի որ եղած փոփոխութիւնները կարիք ունին կարգաւորման՝ օրէնսդրական մակարդակի վրայ:

Օրէնսդրական փոփոխութիւններու երկրորդ նպատակը, ըստ նախարարին, ոլորտին մէջ միասնական օրէնսդրական դաշտ ստեղծելն է, որովհետեւ գործող օրէնքներուն մէջ շատ յաճախ կարելի է հանդիպիլ օրէնսդրական նոյն կարգաւորումներուն:

Երրորդ նպատակը պաշտպանական համակարգին մէջ ներդրուած <<Պատիւ ունիմ>> եւ <<Ես եմ>>  ծրագիրներուն համար իրաւական հիմքի ստեղծումն է. անոնք լուծում կը պահանջեն. <<Երկու ծրագիրներն ալ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ փոփոխութիւններ, կարիք ունին իրաւական ձեւակերպման՝ օրէնքի մակարդակով>>, յայտնեց Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ նոր կարգաւորումներով պիտի յստականան նաեւ ՊՆի եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի գործառոյթները, պիտի արդիականացուին զօրակոչային ծառայութիւնները:

 



comments