Վիգէն Սարգսեան գոհ է Փոխգործակցութիւն-2017 զօրավարժութիւններու արդիւնքներէն

By Asbarez | Saturday, 14 October 2017

1014militaryexercise

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբերին, պաշտպանութեան նախարարութեան <<Բաղրամեան>> զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ հաւաքական ուժերու եւ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի մասնակցութեամբ <<Փոխգործակցութիւն 2017>> զօրավարժութիւններու աւարտական՝ կրակային փուլը:

<<Փոխգործակցութիւն-2017>> զօրավարժութեան մասնակցած են ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու աւելի քան 2500 զինուորներ, շուրջ 500 միաւոր սպառազինութիւն, 25 թռչող միջոցներ եւ թռչող սարքեր:

<<Հայաստանի տարածքում անցկացուած <<Փոխգործակցութիւն-2017>> զօրավարժութիւնների ընթացքում դրուած նպատակներն իրականացուել են, կազմակերպուած համագործակցութիւն էր զինուած ուժերի, ոստիկանութեան աշխատակիցների միջեւ>>, ըսաւ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ զօրավար Անաթոլի Սիտորով՝ աւելցնելով. <<Զօրավարժութիւնների արդիւնքներով մենք կը վերլուծենք բոլոր թերութիւնները եւ կարծում եմ՝ կ՛ընդունուեն որոշումներ, որպէսզի ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան համակարգը աւելի արդիւնաւէտ լինի>>։

Զօրավարժութիւններուն հետեւած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, որ շատ գոհ մնացած է ձեռվ ձգուած  արդիւնքներէն:

<<ՀԱՊԿ շրջանակում փոխգործակցութիւնը ուղղակիօրէն բխում է ոչ միայն մեր միջազգային պարտաւորութիւններից, այլեւ՝ մեր անվտանգային խնդիրներից ու շահերից>>, ըսաւ նախարար Սարգսեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement