Մայրաքաղաք Երեւանը նշեց իր հիմնադրութեան 2799ամեակը

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1017yerevan2799

ԵՐԵՒԱՆ - <<Երեւան՝ սիրոյ քաղաք>> կարգախօսով <<Էրեբունի-Երեւան-2799>> տօնական ձեռնարկները սկսան Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն:

Օրուան ընթացքին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, այլ ձեռնարկներու կողքին, տեղի ունեցան ճոպաններով կապուած օդապարիկներու սահմանափակ բարձրութեամբ թռիչքներ։

Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ երգահանդէս, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան ճանչցուած երգիչներ, որոնց շարքին նաեւ Գապի Գալոյեան:

Այս առիթով, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց. <<Սիրելի՛ երեւանցիներ, քաղաքամայր Երեւանը այսօր կը դառնայ 2799 տարեկան, որուն առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս: Այսօր աշխարհի ամբողջ հայութիւնը <<Սիրոյ քաղաք>> կարգախօսով կը տօնէ համայն հայութեան սիրելի մայրաքաղաքի ծննդեան տարեդարձը՝ անթաքոյց հպարտութեամբ, որ մեր հինաւուրց, բայց միշտ երիտասարդ ոստանը բոլորիս միացեալ ջանքերուն շնորհիւ տարուէ տարի աւելի վստահ ու հպարտ կը ներկայանայ աշխարհին՝ ամրապնդելով իր տեղն ու դերը կայուն զարգացող մայրաքաղաքներու շարքին:

Երեւանը աշխարհի մէջ այսօր ճանաչելի է իբրեւ անվտանգ, յարմարաւէտ, համաչափ զարգացող, ջերմ ու բարի, հիւրընկալ քաղաք: Ասիկա փաստ է, որ իրենց մասնագիտական գնահատականներով ամրագրած են միջազգային հեղինակաւոր շարք մը կազմակերպութիւններ>>:

Նոյն առիթով, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւս ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. <<Սիրելի՛ երեւանցիներ, այսօր կը նշենք մեր արեւաշատ մայրաքաղաքի 2799րդ տարեդարձը: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրս ունինք Երեւանի մեր սիրելի անկիւնները, որոնց հետ ջերմ ու անփոխարինելի յուշեր կան: Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորը եւ կը մաղթեմ, որ Երեւանի մէկ մասնիկը միշտ ապրի մեր մէջ, որ երբեք չկասկածինք, որ կ՛ապրինք աշխարհի ամէնէն ջերմ, գեղեցիկ, իւրայատուկ քաղաքին մէջ, իրեն բնորոշ համ ու հոտով, եւ մենք մեր գործոն մասնակցութիւնը կրնանք ունենալ մեր հին ու նոր մայրաքաղաքը աւելի լաւը դարձնելու գործին մէջ>>:

 

Երեւանի հիմնադրման 2799րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով, մայրաքաղաքին մէջ գտնուող շարք մը քաղաքներու պատուիրակութիւններու անդամներ քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէեանի, քաղաքապետի տեղակալներ Վահէ Նիկոյեանի եւ Դաւիթ Օհանեանի, վարչական շրջաններու ղեկավարներու եւ աւագանիի անդամներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցաին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Պատուիրակութիւնները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծանօթացած ցուցադրութեան:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement