Արցախի եւ Հայաստանի ՀՅԴ խմբակցութիւններու հանդիպում - Չենք կրնար շրջանցել բանակաշինութեան եւ սահմանային իրավիճակներուն հետ կապուած հարցերը

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1018arfparliament

ԵՐԵՒԱՆ - Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովներու ՀՅԴ խմբակցութիւնները կ՛ունենան տարեկան նուազագոյնը երկու հանդիպում թէ՛ Երեւանի մէջ եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ: Հանդիպումներուն, քննարկումներու օրակարգը նախօրօք ճշդուած կ՛ըլլայ:

Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, Արցախի ՀՅԴ պատգամաւորները ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն եւ դաշնակցական նախարարներուն հետ:

Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, <<Երկիր>>ի հետ խօսելով հանդիպման նիւթերուն մասին՝ տեղեկացուց, որ այս անգամ քննարկման առարկայ դարձած են օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները:

<<Բացի տեղեկատուական փոխանակումներէն, մենք կ՛ունենանք որոշ օրէնքներու շուրջ քննարկումներ, յատկապէս՝ այն օրէնքներուն, որոնք վերջերս ընդունուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այս քննարկումներուն պէտք է մասնակցին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի այլ խմբակցութիւններու անդամները:

Իշխանեան յայտնեց, որ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրէնքին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդէն համայնքներու ընդլայնումը գործնականօրէն իրականացած է: <<Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, ունինք նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն, որ սահմանադրական պահանջք է, այս հարցերն ալ պիտի քննարկենք>>, յայտնեց ան:

Ըստ Իշխանեանի՝ իրենք պիտի այցելեն նաեւ Հայաստանի ընդլայնուած համայնքներ: <<Կը նախատեսենք Հայաստանի տարբեր ընդլայնուած համայնքներ այցելել՝ ուղղակիօրէն ծանօթանալու համար դրական տեղաշարժերուն, նաեւ այն հարցերուն, որոնցմէ մենք կրնանք խուսափիլ, իսկ առաւելութիւններէն օգտուիլ նաեւ Արցախի մէջ>>, ըսած է ան:

Իշխանեան ըսաւ, որ իրենց մօտ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգը տակաւին ամրագրուած չէ: <<Սահմանադրութեան մէջ մենք ձեւակերպած ենք այդ մարմիններուն վերանայման հարցը: Յառաջիկայ 3-5 տարիներուն ընթացքին մենք պէտք է յստակօրէն վերանայինք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութեան>>, ընդգծեց ան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան <<Երկիր>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ուր ալ ըլլայ,  նոյն նպատակները պէտք է հետապնդէ եւ նոյն ռազմավարութեամբ հանդէս գայ, ուստի նման հանդիպումները անհրաժեշտ են: <<Անհրաժեշտութիւն միշտ կը յառաջանայ,  որպէսզի մենք մեր կատարած եւ ակնկալած քայլերուն հետ կապուած նախնական քննարկումներ կատարենք եւ ընդհանուր ռազմավարութիւնը պահպանենք>>, ըսած է ան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ  Հայաստան-Արցախ գործակցութիւնը պէտք է աստիճանաբար աւելիով ամրապնդուի: <<Յստակ է անվտանգութեան հարցերու հետ կապուած մեր տեսակէտը: Մենք մէկ միասնական համակարգի մէջ ենք, եւ ասիկա ոչ թէ միայն խօսքի սահմաններուն մէջ պէտք է մնայ, այլ պէտք է միս ու արիւն ստանայ>>, ըսաւ ան եւ աւելցուց. <<Մենք չենք կրնար շրջանցել բանակաշինութեան եւ սահմանային իրավիճակներուն առնչուող հարցերն ու մեր ընելիքները>>:

Պատգամաւորը յայտնեց, որ պէտք է ջանք թափել, որպէսզի կարենանք մեր բանակը զօրացնել. նոր նախաձեռնութիւններ ունին՝ պահեստազօրի ձեւաւորման հարցին առնչութեամբ: <<Ապրիլեան պատերազմէն ետք այդ մէկը գլխաւոր հարցն է՝ եթէ օր մը, Աստուած մի արասցէ, պատերազմական վիճակ յառաջանայ, մենք պատրաստ պէտք է ունենանք այն գունդերն ու խումբերը, որոնք գիտեն՝ ինչ պէտք է ընեն, որովհետեւ ժամանակակից պատերազմը կը պահանջէ համապատասխան մակարդակի ուսուցում եւ պատրաստուածութիւն>>, եզրափակեց ան:

 

comments