Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնագրաւուած կալուածներու արխիւ պիտի կազմուի

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1018Nahapetian ANCAWR

ՓԱՍԱՏԻՆԱ - Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Հոկտեմբեր 7ին կայացած խորհրդաժողովի ծիրին մէջ կատարուած քննարկումներէն մէկուն ընթացքին, Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայերու բռնագրաւուած կալուածներուն առնչուող փաստաթուղթերու արխիւ մը սկսած է պատրաստուելու, ամուր հիմքի վրայ դնելու համար վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքը։

Արխիւին մէջ պիտի պահուին բռնագրաւուած եւ գողցուած բնակարաններու, այգիներու, հողատարածքներու եւ այլ կալուածներու, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաշիւներու, ապահովագրութեանց եւ այլ հարստութեանց առնչուող փաստաթուղթեր։

Նահապետեան շեշտեց, թէ նման արխիւ մը կենսական պիտի ըլլայ հայութեան արդար հատուցում ապահովելու աշխատանքին համար՝ մեծապէս նպաստելով այս գծով Թուրքիոյ հետ կայանալիք քննարկումներուն։

<<Ճորճ Ուաշինկթըն>> համալսարանի Իրաւաբանական բաժանմունքին եւ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին համատեղ ջանքերով կայացած այս տարուան ներկայացման ընթացքին, <<Հարվըրտ>> համալսարանէն ուսումնասիրող դոկտ. Ումիթ Քիւրթ մանրամասնօրէն խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք Օսմանեան կայսրութենէն տեղահանուած հայերու՝ լքեալ, շարժական եւ անշարժ գոյքերուն եւ սեփականութեան օրինական վերադարձի հարցին մասին։ Քիւրթ կեդրոնացած էր յատկապէս պետական նման գողութիւններ կարելի դարձուցած Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յաջորդած քեմալական Թուրքիոյ մէջ նոյն ոգիով հաստատուած օրէնքերուն վրայ՝ շեշտելով, որ տակաւին Թուրքիոյ պետական արխիւները, որոնք վստահաբար հարուստ տեղեկութիւններ ունին գրաւուած գոյքերուն եւ կալուածներուն մասին, գոց են իրեն նման ուսումնասիրողներու առջեւ։

Նահապետեան կոչ ըրաւ ներկաներուն եւ խորհրդաժողովին համացանցի միջոցաւ հետեւողներուն, որ նման փաստաթուղթեր տրամադրեն՝ հետեւեալ կայքէջը այցելելով.

 

https://armenianlegal.org/document-preservation-form։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել kate@armenianlegal.org հասցէին կամ՝ +1 (202) 742-8702 թիւին։


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement