By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Վիտոլթ Վաշչիքովսկիին հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Նալբանդեան ըսած է, թէ Հայաստանը այս տարի հայ-լեհական յարաբերութիւններուն համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող երկու իրադարձութիւն կը նշէ, առաջինը` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, երկրորդը` Լեհաստանի մէջ հայ համայնքի ձեւաւորման 650-ամեակը:
Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է երկու բարեկամ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ այս ծիրին մէջ Լեհաստանի հայ համայնքի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններուն եւ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեան:
Նախարար Նալբանդեան ըսած է, թէ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու` ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման ու տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման յառաջ մղման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող միացեալ ջանքերը:
Նալբանդեան ըսած է. <<Ցաւօք, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք տարբեր շահարկումներ կը հնչեն Պաքուէն, եւ շփման գիծին մէջ կը շարունակուին զինադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով երէկ զինուոր մը զոհուած է>>:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին