Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` 2018-ի մեծ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



Շաբաթ, 21 հոկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք մեծ իրադարձութիւններու` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը քննարկելու նպատակով:

Նշեալ իրադարձութիւններու նախապատրաստման աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրներով նախապէս ստեղծուած են յանձնախումբեր, հաստատուած են անոնց անհատական կազմերը եւ այդ յանձնախումբերուն տրուած են յանձնարարականներ:

Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ երեք իրադարձութիւններն ալ յատուկ նշանակութիւն ունին եւ պէտք է անցնին անթերի` կազմակերպչական շատ բարձր մակարդակով: <<Ըստ էութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախացումէն ետք մեծագոյն իրադարձութիւնը` աշխարհի Ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավարներու, բարձրաստիճան բազմաթիւ  պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ: Կ՛ենթադրուի, որ 100-է աւելի պատուիրակութիւններ եւ մինչեւ հինգ տասնեակ պետութիւններու  ղեկավարներ պիտի մասնակցին վեհաժողովին: Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է, որուն սահուն կազմակերպումը պէտք է վկայէ մեր պետական մարմիններու կայացած ըլլալուն>>, ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Երեւանի մէջ 11-12 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի նախապատրաստման աշխատանքներու եւ անոնց վերաբերեալ նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու  կատարման ընթացքին մասին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Նալբանդեան: Օրակարգի յաջորդ հարցին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը զեկուցած է պաշտպանութեան նախարար, յոբելենական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան: Երեւանի քաղաքապետ, պետական յաջորդ յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան զեկուցած է Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահը խորհրդակցութեան լոյսին տակ յանձնարարած է երկշաբաթեայ ժամկէտով ամփոփել շահագրգիռ մարմիններէն ստացուած բոլոր առաջարկները եւ ներկայացնել ձեռնարկներու մանրամասն ծրագիրները` կատարման պատասխանատուներով եւ ֆինանսական յստակ հաշուարկներով: Նախագահը տուած է նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն հետ կապուած շարք մը յանձնարարականներ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement