Լոքեան - Մաքուր Հայաստանի ճամբուն վրայ արժանապատուութեան խնդիր պէտք է դնենք մեր առջեւ

By Aztag Daily | Monday, 23 October 2017



Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան համապետական երրորդ շաբաթօրեակի շրջագիծին մէջ այցելած է Հայաստանի Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերը: Նախարարը Արտաշատ քաղաքին մէջ մասնակցած է ծառատունկին, այցելած Դուինի հնավայր պատմամշակութային տարածք, ուր կատարուած են մաքրութեան աշխատանքներ: Այնուհետեւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքին մէջ մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանի ընկերակցութեամբ նախարարը հետեւած է մարզին մէջ տարուող աշխատանքներուն: Անոնց միացած է  նաեւ Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Արսէն Յարութիւնեան, եւ միասին քննարկած են ոռոգման ջրատարներու  մաքրութեան հարցը:

Շրջապտոյտի ընթացքին նախարարը զրուցած է շաբաթօրեակի մասնակիցներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց <<Մաքուր Հայաստան>>-ի գաղափարի տարածման հարցով իրենց աշխուժ մասնակցութեան եւ արժանապատիւ աշխատանքին համար: <<Մեծ է այս հարցով նաեւ հանրապետական գործադիր մարմիններու, յատկապէս Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մարզպետարաններու դերը` շաբաթօրեակը պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու գործին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու բոլոր համայնքները, հանրապետական գործադիր մարմիններու տարածքային ծառայութիւնները, կրթական, առողջապահական, մարզական հիմնարկները, պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատուածին մէջ գործող տարբեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները նախարարութեան մէջ ձեւաւորուած <<Մաքուր Հայաստան>>  միջնախարարական յանձնախումբին հետ միասին համակարգուած աշխատանքով իսկապէս կրցան լաւ արդիւնք արձանագրել>>, ըսած է նախարարը:

Շրջապտոյտէն ետք նախարար Դաւիթ Լոքեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ շաբաթօրեակի շրջագիծին մէջ  մեծածաւալ աշխատանքներ կատարուած են. Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Եռաբլուրի մէջ ծառատունկ կատարած է կաթիլային ոռոգման համակարգով, համայնքներու հետ միասին <<Հայանտառը>> իր ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ աշխատած է, մասնակցած են բազմաթիւ  նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:

<<Մաքրութեան աշխատանքներ միշտ կը կատարուին, բայց թիւ մէկ իրականացնողները մեր համայնքներու ղեկավարներն են` մարզպետներու գլխաւորութեամբ: Քիչ մը ֆինանսական օժանդակութիւն կը նախատեսենք մեր համայնքներուն` խնդրայարոյց աղբանոցներու աշխատանքը դադրեցնելու նպատակով: Այսօր 10 աղբավայրեր փակուած են Կոտայքի մարզին մէջ, շուրջ 7-ն փակուած են  Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Խնդիրը լուծելու նպատակով կառավարութիւնը կը փորձէ աղբերու վերամշակման գործարան կառուցել Երեւանի մերձակայքը, ուր կարելի է տեղափոխել հանրապետութեան աղբին 2/3-րդը, օրական շուրջ հազար թոնէ աւելի, որ նաեւ ելեկտրականութիւն պիտի արտադրէ: Մենք ունինք 3-4 գործընկերներ  Միացեալ Նահանգներէն, Չեխիայէն, Լիբանանէն, որոնց հետ կը քննարկենք այս հարցերը>>, ըսած է նախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ <<Վարչական իրաւախախտումներու մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն հետեւանքով 1 յունուար 2018-էն սկսեալ վարչական պատասխանատուութեան կարծր միջոցներ պիտի կիրարկուին չսահմանուած վայրի մը մէջ աղբ թափելու եւ շրջակայ միջավայրը աղտոտելու համար` սկսած 16.000-էն մինչեւ 5 միլիոն դրամ: Նախարար Դաւիթ Լոքեան <<Մաքուր Հայաստան>> ծրագիրը լիարժէք իրականացնելու գործին մէջ ընդգծած է քարոզչական ու դաստիարակչական բաղադրիչը եւ կարեւոր նկատած է լրատուամիջոցներու դերակատարութիւնը: <<Շատ ցաւալի է, որ  ժողովուրդ մը, որ այդչափ հարուստ քաղաքակրթական պատմութիւն ունի, շատ դիւրութեամբ շիշ կը նետէ ճամբան, երեւոյթ մը, որուն ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք: Մեր քաղաքացիները տակաւին չեն ձեւաւորած  իրենց մտածելակերպը մաքուր բնութիւն ունենալու, մաքուր միջավայրի մէջ ապրելու հարցերով: Ես կը կարծեմ, որ մենք աստիճանաբար պիտի անցնինք վիճակի մը, երբ այլեւս պիտի չյայտարարենք, որ համապետական շաբաթօրեակ կը կազմակերպենք, եւ համայնքները, բնակիչները ինքնաբերաբար պիտի սկսին այս ընթացքը: <<Մաքուր Հայաստան>>-ի ճամբուն վրայ մենք արժանապատուութեան խնդիր պէտք է դնենք մեր առջեւ>>, ըսած է նախարար Լոքեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement