By Asbarez | Tuesday, 31 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ - <<Ընտանեկան բռնութիւններու կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութիւններու զոհերու պաշտպանութեան մասին>> Հայաստանի օրէնքի նախագիծին մէջ փոփոխութիւններու կարիք կայ: Այս մասին <<Առաջին լրատուական>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Անոր համաձայն, կայ որոշ ձեւակերպումներու յստակեցման խնդիր:
<<Այդ քննարկումները ընթացքի մէջ են, մենք ալ մեր առաջարկները պիտի ներկայացնենք, բայց ընդհանուր առմամբ տրամաբանութիւնը, որ կայ այս օրէնքին առնչութեամբ, շատ ծայրայեղական մօտեցում ունի>>, ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, խօսքը բռնութեան մասին է, եւ եթէ դէպք ալ գոյութիւն ունի, ուր միջամտելու կարիք կայ՝ ի շահ ընտանիքին կատարուի, ոչ թէ ընտանիքին դէմ:
<<Պէտք է գտնել ճիշդ լուծումները, այսինքն՝ պէտք չէ պատճէնահանել այն, ինչ կարգ մը երկիրներու մէջ կայ, եւ բերել այստեղ, պէտք է որոշակի փոփոխութիւններ անպայման կատարել>>, աւելցուց ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ