Նռնակի պայթումէն վիրաւորուած զինծառայողին վիճակը ծայրայեղ ծանր է

By Asbarez | Tuesday, 07 November 2017

 

1107bomb

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի մէջ, Նոյեմբեր 4ին, հակազրահապատային նռնակի պայթումով վիրաւորուած զինծառայող Սերգէյ Սեւատայի Ալումեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Ան տեղափոխուած է Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։ Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Նոյն պայթումին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած երկրորդ զինծառայողին՝ Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցի առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւն չկայ տակաւին: Ան ներկայիս կը գտնուի Արցախի զինուորական հիւանդանոցը:

Սակայն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն, Նոյեմբեր 4ի նշեալ պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած է զինծառայող, 1997ի ծնունդ Հրանդ Խաչատուրի Մանգասարեանը: Գէորգ Հիւսնունցն ու Սերգէյ Ալումեանը ստացած էին տարբեր աստիճանի բեկորային վէրքեր:

Այժմ, Հրանդ Մանգասարեանի մահուան եւ երկու զինծառայողներու վիրաւորուելու դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement