Վանայ Լիճի յատակը Ուրարտական ամրոց կը յայտնաբերուի

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

1114van

ԵՐԵՒԱՆ, <<Սփութնիք Արմէնիա>> - Հայկական հին լեռնաշխարհի մարգարիտին՝ Վանայ լիճի յատակը, վերջերս յայտնաբերուած էր ամրոց մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին։ Պատմական ամրոցը ունի մօտաւորապէս 3000 տարուան պատմութիւն։

6000 տարուան պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճի մակարդակը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը բաւական իջած է, եւ մարդիկ հոն կառուցած են զանազան շինութիւններ։ Աւելի ուշ, երբ ջուրին մակարդակը դարձեալ բարձրացած է, բնակչութիւնը ետ քաշուած է, իսկ անոնց թողած քաղաքակրթութեան հետքերը մնացած են ջուրի տակ։

Նկատի ունենալով, որ Վանայ լիճի ջուրը աղի է, ամրոցին պատերը հիանալի կերպով պահպանուած են՝ առանց մեծապէս վնասուելու։

Ուրարտու կամ Վանի թագաւորութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի թագաւորութիւնն էր Ն.Ք. 9-6րդ դարերուն։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement