Պէտք է ամփոփել 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք մեծ իրադարձութիւններուն առնչուող առաջարկները - Վարչապետ

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

1114varchabed

ԵՐԵՒԱՆ - Շաբաթ, 11 նոյեմբերին, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն՝ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ  կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուց մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ  նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ  Ստեփանեան, իր կարգին, զեկուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուեցան զանազան կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:

Վարչապետը, ընդգծելով 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով եւ պատշաճ: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարեց շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխոյժ եւ պատասխանատու՝ ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:

<<Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ>>, ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:

Վարչապետը յանձնարարեց մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ:

 



comments