Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ռիօ առեւտուրի եւ զուարճութեան կեդրոնը

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

1114rio

ԵՐԵՒԱՆ - 13 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ <<Ռիօ>> առեւտուրի եւ զուարճութեան կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը: <<Ռիօ>>ն իր դռները այցելուներուն դիմաց բացաւ պաշտօնական արարողութենէն ետք, որուն ներկայ էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարոն Մարգարեան, <<Տաշիր>> ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան եւ ուրիշներ:

<<Ռիօ>> եռայարկ առեւտուրի եւ զուարճութեան կեդրոնի ընդհանուր մակերեսը 24 հազար քառմ. է, կը գտնուի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ: Այցելուներու յարմարաւէտութեան համար նախատեսուած է վերգետնեայ կառատուն՝ 250 ինքնաշարժի տեղով:

Երեւանի մէջ <<Ռիօ>>ն դարձաւ Հայաստանի տարածքին <<Տաշիր>> ընկերութիւններու խումբին կողմէ բացուած 4րդ առեւտուրի կեդրոնը:

<<Ռիօ>> առեւտուրի կեդրոնի բացումով կը գոյանան շուրջ 500 նոր աշխատատեղեր:

 



comments