Ուսանողները կը շարունակեն դասադուլը եւ բողոքի ցոյցը

By Asbarez | Tuesday, 14 November 2017

Students of the institutions of higher education hold a protest action against the law on conscription in front of the RA National Assembly

ԵՐԵՒԱՆ - Տարկէտման իրաւունքը սահմանափակելու դէմ ուսանողներու բողոքի ցոյցը Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբերին շարունակուեցաւ: Ուսանողները 5րդ օրն է, որ դասադուլի մէջ են: Անոնք հաւաքուեցան Երեւանի պետական համալսարանին դիմաց եւ հրաժարեցան դասերուն մասնակցելէ:

Յիշեցնենք, թէ 9 Նոյեմբերին, ուսանողները հանդիպած էին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ: Կառավարութեան շէնքին մէջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին կողմերը համաձայնութեան չէին եկած:

10 Նոյեմբերի ուշ երեկոյեան հրաւիրուած էր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ ներքին հարցերու յանձնաժողովի արտահերթ նիստ եւ նախագիծը՝ դրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած Ազգային ժողով՝ յառաջիկայ քառօրեայի օրակարգին վրայ ունենալու համար:

Պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեան յայտարարեց, որ օրէնքի նախագիծին մէջ կատարուած են որոշ զիջումներ, մասնաւորապէս բացառիկ տաղանդաւոր ուսանողները պիտի ազատուին զինծառայութենէն: Աազգային ժողովի քառօրեան կը մեկնարկէ 14 Նոյեմբերին:

<<Յանուն գիտութեան զարգացման>> նախաձեռնութեան անդամները դասադուլով կը պահանջեն պահպանել գործող ներկայ ակադեմական տարկէտման իրաւունքի սկզբունքները:

Պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկած <<Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին>> օրէնքի նախագիծով կ՛առաջարկուի խիստ կերպով սահմանափակել այդ իրաւունքը:

 



comments