By Asbarez | Wednesday, 15 November 2017
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 30 Հոկտեմբերէն 14 Նոյեմբեր Փարիզի ԵԻՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան Մշակութային արժէքներու՝ ծագման երկիր վերադարձը կամ ապօրինի իւրացման պարագային անոնց վերահաստատումը խրախուսելու հարցերով միջկառավարական կոմիտէի ընտրութիւնները:
Կոմիտէն կը հանդիսանայ <<Մշակութային արժէքներու ապօրինի ներածումը, արտածումը եւ անոնց նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխելու միջոցառումներու մասին>> ԵԻՒՆԵՍՔՕի 1970ի ուխտի միջկառավարական մարմինը:
Երկրորդ շրջանային խումբէն (Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ) ընտրուած է Հայաստանը՝ 4 տարի ժամկէտով: Մայիս 2015ին, Հայաստանը ընտրուած էր նոյն Ուխտի անդամ պետութիւններու հանդիպումին օժանդակ կոմիտէի անդամ՝ 4 տարի ժամկէտով:
Նշենք, որ 22 անդամ-երկիրներէ բաղկացած կոմիտէն հիմնուած է 1978ին՝ կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի 20րդ նստաշրջանի համապատասխան որոշումին հիման վրայ:
Կոմիտէի հիմնական գործառոյթներէն է՝ նպաստել պետութիւններու բազմակողմանի եւ երկկողմանի համագործակցութեան մշակութային արժէքներու՝ ծագման երկիր վերադարձնելու կամ անոնց վերահաստատումը խրախուսելու մասով:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին