Սերժ Սարգսեան Կը Հանդիպի Հռոմի Պապին

By Asbarez | Monday, 12 December 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 12ին աշխատանքային այցով մեկնած է Իտալիա, ուր այցի առաջին օրը, Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի պապ Պենետիքթ ԺԶ.ի հետ: Նախագահի եւ պապի առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցած է Հռոմի պապի հետ նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը:

Կողմերը գոհունակութեամբ խօսած են Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մասին, միտքեր փոխանակած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ համագործակցութեան եւ հասարակութեան մէջ երկու եկեղեցիներուն ունեցած մեծ դերին մասին, նաեւ ընդգծած են սերունդներուն քրիստոնէական արժէքներու ոգիով դաստիարակման կարեւորութիւնը:

Նոյն օրը նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար Քարտինալ Դարչիցիօ Պերթոնէի հետ. անոնք կարեւոր համարած են երկկողմանի բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Վատիկանին՝ արտերկրի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար: Կողմերը վստահեցուցած են, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի մէջ դեսպաններուն նշանակումը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման:

Հանրապետութեան ղեկավարը Վատիկանի մէջ այցելած է Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարը եւ Հռոմի Ս. Նիկողայոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement