Ուսանողներու հետ կլոր սեղանը պիտի կայանայ 22 Նոյեմբերին

By Asbarez | Tuesday, 21 November 2017

1121roundtable

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> (Լրագրող Ռուզաննա Ստեփանեան) - <<Յանուն գիտութեան զարգացում>> նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեան յայտնեց, որ Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ ունեցած է աշխատանքային քննարկում մը, ուր որոշուած է կլոր սեղանի վայրն ու ձեւաչափը:

Ըստ Պետրոսեանի՝ կլոր սեղանը տեղի պիտի ունենայ 22 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի մէջ, բանավէճի ձեւաչափով եւ պիտի ապահովուի ուղիղ եթեր:

Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ բանվէճին երկու կողմերն ալ պիտի ունենան 5ական ներկայացուցիչ, Էդուարդ Շարմազանով պիտի վարէ բանավէճը, իշխանական թեւէն հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մրտչեան, խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան, ընկերային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեան եւ կրթութեան յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Բոստանջեան:

Նախաձեռնութեան անդամները Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբերին Սիրահարներու այգիին մէջ հանրային քննարկում կազմակերպած են՝ <<լսելու բոլոր մտահոգ անձանց մօտեցումները եւ յստակեցնելու այն օրէնսդրական առաջարկները, որոնք դրուած են լինելու ուսանողութեան դիրքորոշման հիմքում: Քննարկուելու են նաեւ նախաձեռնութեան անելիքներին, պայքարի մարտավարութեանն առնչուող հարցեր մինչեւ կլոր սեղանն ու դրանից յետոյ>>:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement