By Asbarez | Wednesday, 11 November 2009
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Պետական հակահամաճարակային տեսչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լիանա Թորոսեանի հաւաստումով՝ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է A տեսակի H1N1 կրիփով երեք կասկածելի դէպք, որոնցմէ երկուքը Մոսկուայէն վերադարձած Հայաստանի քաղաքացիներ են, իսկ երրորդը՝ իրանեան քաղաքացի մը, որ Հայաստան մտած է ցամաքի ճամբով։ Անոնք կը գտնուին Նորքի վարակակիրներու հիւանդանոցին մէջ, եւ ըստ առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներուն, կասկածը դեռ պէտք է հաստատուի Լոնտոնի հետազօտական կեդրոնին կողմէ, որ պարզ կը դառնայ մէկ ամիս ետք։
«Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Իւրաքանչիւր տարի սեզոնային (եղանակային. Խմբ.) կրիփի դէպքեր արձանագրւում են, կանխարգելիչ եւ հակահամաճարակային բոլոր միջոցառումներն իրականացւում են եւ այդ աշխատանքները կրում են շարունակական բնոյթ: Մոնիտորինգի (հսկողութեան-Խմբ.) է ենթարկւում սուր շնչառական վիրուսային ու կրիփային հիւանդացութիւնը եւ այսօր, այդ մոնիտորինգի արդիւնքներով, մենք հիւանդացութեան աճ չունենք», յայտնած է Լ. Թորոսեան եւ աւելցուցած, որ հանրապետութեան մէջ կան համապատասխան պայմաններ, որպէսզի հիւանդներուն անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ցուցաբերուի: Իսկ խոզակրիփի դէմ պատուաստանիւթը Հայաստան պիտի հասնի Նոյեմբերի վերջը:
Նշենք, որ վարակի հնարաւոր ներթափանցումը կանխարգիլելու նպատակով՝ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ միջոցներ սկսած են ձեռնարկուիլ այս տարուան Ապրիլէն ի վեր: Իրավիճակը մշտական հսկողութեան տակ պահելու նպատակով՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը ստեղծած է յատուկ խումբ, որ պարբերաբար խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ եւ կը վերլուծէ իրավիճակը: Հսկողութեան տակ կը պահուին յատկապէս մանկապարտէզներն ու դպրոցները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ