Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

By Aztag Daily | Friday, 24 November 2017


Agencia Prensa Armenia, Արժանթինեան <<Փայիտոս>> հրատարակչատունը անցեալ օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը` Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ <<Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ>> շարքին մէջ` <<Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին>> խորագիրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի` ամենատարածուն <<Քլարին>> օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը, ուր գրախօսական մը լոյս տեսաւ, նաեւ` <<Փերֆիլ>> թերթը, որ հրատարակեց գիրքէն լայն հատուածներ:

Գիրքին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Լանուսի պետական համալսարանին մէջ` հոկտեմբերին կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ծիրին մէջ: Նոյեմբեր 14-ին գիրքը ներկայացուեցաւ <<Արմենիա>> մշակութային ընկերակցութեան մէջ` կազմակերպութեամբ Ա. Մ. ընկերակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր համայնքային կազմակերպութիւններու համախմբման (ԻԱՐԱ) կողմէ:

Գիրքի ներկայացման եւ հրապարակային քննարկումը կատարեցին` <<Փրենսա Արմենիա>>-ի հիմնադիր եւ ներկայի պատասխանատու Պօղոս Քենտիքեանը, <<Փերֆիլ>> թերթի միջազգային բաժնի պատասխանատու Սանթիակօ Ֆարելը եւ թուային <<Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանես>> շաբաթաթերթի խմբագիր Խըտըր Խալետը:

Բացման խօսքով հանդէս գալով` Քենտիքեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն` արագընթաց իրողութիւններու առարկայական տարածման համար, հակառակ ամէն տեսակի սպառնալիքներու: Գիրքին մասին խօսելով` ան յիշեց Պիլ Քովաչի սահմանումը, որ լրագրութիւնը կը նկատէ` <<Պատմութեան առաջին տարբերակը>>, եւ ընդգծեց գիրքին մէջ տեղ գտած առատ տեղեկութիւնները, որոնք ներկայացուած են պատմական իրենց ոլորտին մէջ:

 

Խըտըր Խալետի համար գիրքին հիմնական արժէքներէն մէկը կը կայանայ իր ե՛ւ մատչելիութեան` տարածաշրջանին մասին հիմնաւորուած գաղափար մը ուզող ոեւէ ընթերցողի, ե՛ւ Միջին Արեւելքը վերլուծողներուն տեսական իւրայատուկ դիտանկիւն մը հրամցնելու զոյգ յաջողութիւններուն մէջ:

Սանթիակօ Ֆարել վեր առաւ գիրքին եզրակացութեան մէջ վերլուծուած գաղափարը, ըստ որուն, Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի վերարտադրութեան ժխտական հոլովոյթը կրնայ կասեցուիլ միայն այն ատեն, երբ ազգային, կրօնական թէ ցեղային տարբերութիւնները ընդունելի դառնան եւ համագոյակցին:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ներկայացնողներուն եւ մասնակիցներուն: Ան անդրադարձաւ գիրքի ծննդոցի հոլովոյթին, որ արդիւնք է տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մասին իր դասաւանդութեանց եւ մամուլին մէջ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու մասին իր գրած յօդուածներու ծնունդ ընդհանրական հետեւումներու: Միջին Արեւելքի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալու իրողութիւնը կրնայ ապրումներու եւ իրադարձութիւններու հետ անմիջական հաղորդակցութեան առաւելութիւնը տալ վերլուծողին, ըսաւ ան: Այդ մէկը, սակայն, ո՛չ անհրաժեշտ, ո՛չ ալ, մանաւանդ, բաւարար պայման է նման բարդ ու յարափոփոխ տագնապի մը հասկացողութեան եւ անոր ընդհանրական պատճառ-հետեւանքները կարելի եղած յստակութեամբ բացատրելու կարողութեան: <<Գիրքը գրելու գլխաւոր մարտահրաւէրը եղաւ` գտնել տեսական այն մօտեցումները, որոնք ամէնէն աւելի յստակօրէն թոյլ կու տան ընդհանրական, բայց ոչ պարզացուած վերլուծում մը ներկայացնելու>>, ըսաւ ան:

Տէր Ղուկասեան ծնած է Լիբանան եւ հաստատուած` Արժանթին, ուր վարած է <<ԱՐՄԵՆԻԱ>> թերթի խմբագրութիւնը: Մասնագիտանալով միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ, Տէր Ղուկասեան նուիրուեցաւ ակադեմական ասպարէզի: Հեղինակ է սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու, մասնագիտական աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու: Հոկտեմբերի աւարտին ան ստացաւ տեղւոյն Սուրիա-լիբանանեան ակումբի <<Ուկարիթ 2017>> մրցանակը մշակոյթի դասակարգին մէջ` ակադեմական ասպարէզին մէջ տարիներու իր ներդրումին համար:

Ներկայացուած գիրքը Միջին Արեւելքի մէջ տագնապը եւ ուժային յարաբերութիւնները կը վերլուծէ պետական համակարգերու ծագման, զարգացման ու պառակտման եւ քաղաքական հասարակագիտութեան տեսական զոյգ մօտեցումներով եւ անոր պատմական հոլովոյթը կը բացատրէ ազգային երկու ծրագիրներու բախումին եւ ներիսլամական կրօնական պատերազմի իրերայաջորդ փուլերով: Նախատեսուած են այս գիրքի այլ ներկայացումներ եւս:

 



 


 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement