Արցախի մէջ ականի մը պայթումէն երեք զինուորներ զոհուած են

By Asbarez | Friday, 24 November 2017

1124marthyrs

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 21 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:35ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի մը պայթումէն զոհուած են Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներ Գեղամ Զաքարեան (1995ի ծնունդ), Սարգիս Աբրահամեան (1998ի ծնունդ) եւ Սարգիս Մելիքեան (1997ի ծնունդ):

Զինծառայող, 1998ի ծնունդ Նարեկ Հովէեան ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Ըստ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

<<Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն>>, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Նոյեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայողներ Գեղամ Զաքարեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Սարգիս Մելիքեանը յետ մահու պարգեւատրուած են <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:

Զոհուած Գեղամ Զաքարեան Մուսալեռ գիւղի բնակիչ էր, կոչումով սպայ: 22ամեայ Գեղամը այս ամառ աւարտած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը եւ Յուլիսի վերջը տեղափոխուած Արցախ՝ ծառայութեան: Մուսալեռի մէջ կը բնակին սպային ծնողները. ունի քոյր ու եղբայր:

Սարգիս Աբրահամեան Արարատի մարզի Մասիս քաղաքէն էր. բանակ զօրակոչուած էր 1.5 տարի առաջ: <<Շատ խելօք տղայ էր, շատ լաւ ընտանիքէ, մայրը բուժքոյր է, հայրը՝ վարորդ, Մասիս կ՛ապրին>>, ըսած են զինուորական զօրակայանէն:

Սարգիս Մելիքեան Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքէն էր։ Յունուարին պիտի աւարտէր ծառայութիւնը: 20ամեայ Սարգիսը տան միակ որդին էր, իրմէ մեծ 3 քոյր ունի:

Յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 373րդ յօդուածի 4րդ մասով՝ զէնքի, ռազմամթերքի եւ շրջապատին համար առաւել վտանգ ներկայացնող առարկաներու, նիւթերու հետ վարուելու կանոնները խախտելը, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է երկու կամ աւելի անձերու մահ: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ:

 

 

comments