Լեւոն Մկրտչեան կրթութեան ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ

By Asbarez | Wednesday, 29 November 2017

 

1129levon

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրութիւնը բարելաւելու եւ գոյութիւն ունեցող բացերն ու հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ: Ազգային ժողովի <<Մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ոլորտին մէջ ընթացող բարեփոխումներն ու օրէնսդրական հիմնախնդիրները>> նիւթով խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին, նախարարը, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, ընդգծեց, որ այս պահուն, կրթութեան ոլորտը կարգաւորող տարբեր օրէնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններուն պատճառով յառաջացած են բացեր եւ հարցեր, որոնք լուծման կարիքը ունին: <<Մենք սկիզբը ընդունեցինք <<Կրթութեան մասին>> օրէնքը, որ հնարաւորութիւն կու տար կրթութիւնը դիտարկելու մէկ համակարգի մէջ: Սակայն, աւելի ուշ ընդունուեցան <<Հանրակրթութեան մասին>>, <<Միջին մասնագիտական կրթութեան մասին>> օրէնքները, որոնք, առանձին-առանձին լուծումներ տալով զանազան հարցերու, յառաջացուցին հարցեր, եւ մենք չենք կրնար ներքին օրէնսդրական հակասութիւններու պատճառով սահուն անցումներ կատարել որակաւորման մէկ աստիճանէն միւսը>>, ըսաւ նախարարը:

Ան ընդգծեց, որ գոյութիւն ունեցող բացերը կարգաւորելու համար կը փորձեն անցնիլ ընդհանուր կրթական ծրագիրի, որպէսզի Հայաստանի մէջ կրթութիւնը դիտարկուի մէկ ընդհանուր համակարգի մէջ: <<Մենք հիմա կը փորձենք աշխատիլ սահուն անցումներու վրայ՝ որակաւորման մէկ աստիճանէն միւսը: Աշխարհի մէջ շատոնց միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւնը կը դիտարկեն մէկ ամբողջութեան մէջ եւ կը փորձեն ճկուն կառուցակազմեր առաջարկել>>, մանրամասնեց Մկրտչեան:

Նախարարը կարեւոր համարեց հանրակրթական կրթութենէն միջին մասնագիտական կրթութիւն անցումը ճիշդ կազմակերպելը: Ան ընդգծեց, որ շատ մը երկիրներու մէջ այդ անցումը կը կատարուի տարբեր եղանակներով՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ ընտրուած է տարբերակ, որ անհատին հնարաւորութիւն կու տայ մինչեւ 16 տարեկան ազատ կերպով ստանալու հանրակրթական կրթութիւնը, իսկ անկէ ետք ո՛չ թէ անոր որեւէ բան կը պարտադրուի կամ անոր փոխարէն կ՛որոշուի, այլ անոր առջեւ կը բանայ միջին մասնագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները: Լեւոն Մկրտչեան նկատած է, որ կան երկիրներ, ուր, օրինակ, 6րդ դասարանէն սկսեալ պետութիւնը աշակերտներուն կը ստիպէ ընտրել միջին մասնագիտական կրթութեան այս կամ այն ուղղութիւնը, որ այնքան ալ ճիշդ տարբերակ չէ:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ շուտով խորհրդարանին մէջ պիտի մեկնարկեն քննարկումներ <<Բարձրագոյն կրթութեան մասին>> օրէնքի նախագիծին շուրջ. իրենք կառուցակազմեր կ՛առաջարկեն, որպէսզի միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւնները դիտարկուին մէկ համակարգի մէջ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement