Դաւիթ Լոքեան կարեւոր կը նկատէ համայնքներուն որակեալ ընկերային ծառայութիւններու մատուցումը

By Asbarez | Tuesday, 05 December 2017

 

1205lokian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբերին մասնակցեցաւ <<Հասանելի համայնքային սոցիալական ծառայութիւններ>> համատեղ ծրագիրի մեկնարկին: Եռամեայ ծրագիրը, որ պիտի ներգրաւէ Հայաստանի բոլոր մարզերն ու մայրաքաղաքը, պիտի իրականացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) յատկացումներով՝ <<Ուըրլտ Վիժըն Հայաստան>>ի եւ Մանկական զարգացման հիմնադրամին կողմէ: Ծրագիրի ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ աւելի քան 1,600,000 տոլար:

Միջոցառման ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպըրա Կրիզըր, <<Ուըրլտ Վիժըն Հայաստան>>ի ծրագիրներու տնօրէն Ժիրայր Էդիլեան, մարզպետներ եւ համայնքային ծառայողներ:

Նախարար Լոքեան ողջունեց միջոցառման մասնակիցները եւ նշեց, որ այս մէկը համայնքներուն համար շատ կարեւոր հարց է օրակարգի վրայ:

<<Միջոցառման կարեւորութիւնը մեծ է, քանի որ մեր տեղական ինքնակառավարման մարմինները համարւում են այն առաջնային օղակը, որն ուղղակի յարաբերւում է մեր բնակչութեան հետ: Բնակչութիւն, որն ունի բազմաթիւ սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) խնդիրներ եւ դրանց լուծումը մենք դիտարկում ենք ոչ թէ միջնորդաւորուած, ոչ թէ որոշակի հեռաւորութիւնից, այլ ցանկանում ենք, որ այն լուծուի հէնց բուն համայնքում, համայնքի ուժերով համայնքի մասնագէտներով: Եւ այսօր ձեզ հետ միասին ֆիքսում ենք, որ ունենք փաստաթղթերի փաթեթ, գործընթացի որոշակի անցած ճանապարհ, քանի որ արդէն մէկ տարի խոշորացուած համայնքերն ունեն իրենց համապատասխան մասնագէտները սոցիալական ոլորտի համար>>, յայտնեց նախարարը:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement