Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կը քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու գործունէութիւնը

By Asbarez | Thursday, 07 December 2017

1207AJ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ ներկայացուեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները՝ տեսերիզի ճամբով, ապա տեղի ունեցան քննարկումներ:

Կրօնական ժողովի տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերու, ինչպէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին՝ իր դասախօսական-լսարանային ձեռնարկներով, սեմինարներով, լսարաններով, ուխտերթերով եւ այլ աշխատանքներով, եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու բաժանմունքին ու Կրօնական եւ Դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքին:

Նկատի ունենալով Արամ Ա. կաթողիկոսին գուրգուրանքը՝ երիտասարդ մարդուժը եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու եւ անոնց ձայն ու գործ տալու հրամայականին, տեղեկագիրը մանրամասն անդրադարձաւ երիտասարդական բաժանմունքին, եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած ուսանողութեան՝ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ համալսարանականներու համախմբումին (ՀՀՀ): Տեղեկագիրը նշեց, որ այս բաժանմունքներու նախկին եւ ներկայ անդամներ ներկայիս կը գտնուին միջեկեղեցական ու միջկրօնական պաշտօններու վրայ:

Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Քահանայից պատրաստութեան բաժանմունքին, քրիստոնէական առաքելական հոգեւոր շարժումներու հետ գործակցութեան, նուիրապետական աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումներու մէջ հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, Եպիսկոպոսական ժողովին, Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, միաբանութեան, <<Շնորհալի>> երգչախումբի աշխատանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու <<Արամ Պէզիքեան>> թանգարանին մասին:

Յաջորդ նիստով, Ազգային ընդհանուր ժողովի Քաղաքական ժողովը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը: Այս տեղեկագիրը նշեց, որ կաթողիկոսին նախորդ Ազգային ընդհանուր ժողովին պատգամած՝ Սփիւռքի վերակազմաւորման հրամայականը ձեւ ու մարմին սկսած է ստանալու: Այս իմաստով, կաթողիկոսը իր գահակալութեան 20ամեակին առիթով կատարած է հովուապետական այցելութիւններ, որոնք կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը հանդիսացած են: Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց համատեղ ձեռնարկներուն եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեանց մասին: Այս վերջինին ծիրին մէջ կ՛իյնայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած <<Նոր Կիլիկիա>> գիւղի շինութիւնը:

Տեղեկագիրը ներկայացուց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած Սիսի պատմական Աթոռին վերադարձի դատը, որուն մասին մանրամասն քննարկում պիտի ըլլայ Ժողովին յատուկ մէկ նիստով:

Տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին մշակութային ու կրթական հարթակներու վրայ ձեռնարկուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքները:

Խօսելով շինարարական աշխատանքներու մասին՝ տեղեկագիրը լայն անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ հայ գաղութի վերականգման աշխատանքներուն: Այս առնչութեամբ յատուկ նիստով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ առաջին հերթին ներակայացուց Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրավիճակին հոլովոյթը եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնման ծրագիրները: Սրբազանը յայտնեց, թէ վերականգնումի եւ վերաշինութեան աշխատանքները տեղի կ՛ունենան ըստ առաջնահերթութիւններու եւ առաւելաբար փոքր ու միջին <<պիզնես>>ներու բարելաւման, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները կարենան ինքնաբաւ գոյատեւել Սուրիոյ մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ շնորհիւ շտապ օգնութիւններուն, նիւթական օժանդակութիւններուն եւ բարոյական աջակցութիւններուն՝ սուրիահայութիւնը անտէր չէ զգացած, հակառակ դժուարին պայմաններուն: Ան նշեց, որ կաթողիկոսին Սուրիա տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսութեան յարկին տակ ծրագրուած վերականգնումի ծրագիրները, Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակներուն յոյս եւ կորով տուած են գոյատեւելու:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան դպրեվանեցիներու բարձր ուսման պատրաստութեան մէջ անոնց մասնագիտացման, ժողովուրդը եկեղեցւոյ մօտ բերելու կողքին հոն պահելու աշխատանքներուն, կաթողիկոսարանի՝ ընկերային ցանցերու վրայ մշտական ու ազդու ներկայութիւն ըլլալուն, Սուրիայէն դուրս գաղթական վիճակ պարզած Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներուն մասին, ինչպէս՝ սեռային փոքրամասնութիւններուն գծով:

Իւրաքանչիւր քննարկման աւարտին, վեհափառը տուաւ իր եզրակացութիւնները, թելադրանքներն ու մտորումները արծարծուած նիւթերուն շուրջ: Հայրապետը անգամ մը եւս ընդգծեց եկեղեցին պատերէն դուրս տանելու անհրաժեշտութեան ու ժողովուրդին հետ երկխօսութիւն ունենալուն մասին: Ան յայտնեց, որ մատի ետեւ պահուըտելով ու հանգիստի գօտիի մէջ մնալով՝ եկեղեցին չի կրնար յառաջդիմել, եւ այս իմաստով վեհափառը խօսեցաւ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի դիմաց մասնագիտացած մօտեցում պարզելու եւ ծրագիրներ մշակելով յարատեւ աշխատանք տանելու համար առնուելիք քայլերուն մասին:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement