Մանկական դաստիարակչական խաղերու ծրագիրներ

By armenia.com.au | Thursday, 07 December 2017

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած iOS եւ Android գործիքներուն համար, հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղերու ծրագիրները մեծ ընդունելութեան արժանացած են մանուկներուն կողմէ։ Կիրառական (application) ձեւաւորումով այդ խաղերը 3 տարեկան եւ վեր մանուկներուն հաճելի եւ դիւրին եղանակով կը սորվեցնեն արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:

Հրապարակուած առաջին խաղը՝ <<Գոյներու աշխարհ>>ը, արդէն ունի 16.000 ներբեռնում (downloads), ինչ որ ցոյց կու տայ թէ լայն տարածում գտած է մանուկներու մօտ։ Լալան ու Արան դարձած են մանուկներու առօրեայ խաղընկերները։ Առաջին խաղին մեծ յաջողութենէն ետք հրապարակուած է <<Ձեւերու աշխարհ>> խաղը, որ ներկայիս վճարովի է։

Կեդրոնական Վարչութիւնը իր վերջին լիագումար ժողովին որոշեց այս խաղերը անվճար դարձնել, որպէսզի բոլոր հայ մանուկները կարենան օգտուիլ անոնցմէ։ Առ այդ կը դիմենք հայ հանրութեան նիւթական օժանդակութեան. դրամահաւաքի  թիրախն է 14,000 ամ. տոլար։

Խաղերու մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ կայքէջին՝ www.lalanouaran.com-ի վրայ, իսկ ձեր նուիրատուութիւնները կ'ընդունինք առցանց՝ https://goo.gl/DNKRjf

Վստահ ենք, որ անդրադառնալով այս գործին կարեւորութեան, ձեր շօշափելի մասնակցութիւնը պիտի բերէք Համազգայինի արդիական նախաձեռնութեան: Ձեր նուիրատուութիւնները կարեւոր ներդրում մը պիտի հանդիսանան հայ մանուկներու հայկական ինքնութեան կերտումի գործին մէջ:

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement