Ազգային Ժողովը ընդունեց ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման օրինագիծը

By Asbarez | Saturday, 09 December 2017

1209parliament

ԵՐԵՒԱՆ - Խորհրդարանը Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին, առաջին ընթերցումով ընդունեց <<Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին>> օրէնքի նախագիծը:

Մինչ քուէարկութիւնը, <<Ծառուկեան>> խմբակցութեան ղեկավար Վահէ Էնֆիաջեան յայտնեց, որ իրենց խմբակցութեան մէջ քննարկումներ տեղի ունեցած են եւ որոշած, որ այս հարցին հետ կապուած պատգամաւորները պիտի քուէարկեն ազատ:

<<Ծառուկեան>> խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեան ըսաւ. <<Իմ անձնական տեսակէտը կը յայտնեմ՝ այս օրէնքի վերնագիրը հանգիստ կարելի է դնել ՀՀ օրէնքը՝ տնաքանդութեան մասին>>:

Նախագիծը ընդունուեցաւ 73 կողմ, 12 դէմ եւ 6 ձեռնպահ քուէարկութեամբ:

Խորհրդարանը ընդունեց նաեւ շարք մը այլ նախագիծեր, որոնց մէջ են <<Հանրագիրներու մասին>> օրէնքի նախագիծը, <<Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին>> ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement