By Asbarez | Saturday, 09 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - <<Զինծառայողների ապահովագրութեան>> հիմնադրամի կառավարման յանձնաժողովը 4 Դեկտեմբերին որոշեց սահմանուած կարգով կատարել հատուցումներ 2 հաշմանդամ եւ 4 զոհուած զինուորներու ընտանիքներու:
Հիմնադրամի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ առաջին խումբի հաշմանդամ ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, շարքային Նարեկ Գրիգորեան պիտի ստանայ միանուագ 10 միլիոն դրամ, իսկ յետագայ 20 տարիներուն ընթացքին՝ ամսական 200,000 դրամ:
Բ. խումբի հաշմանդամ, ժամկէտային պարտադիր զինծառայող Ռոման Գէորգեան պիտի ստանայ 5 միլիոն դրամ միանուագ հատուցում, իսկ յետագայ 20 տարիներուն ընթացքին՝ ամսական 150,000 դրամ:
Ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Հայկ Խաչատրեանի, շարքային Զապլին Մարգարեանի, շարքային Տիգրան Խաչատրեանի, կրտսեր սերժանտ Սէյրան Սարգսեանի ընտանիքներուն պիտի փոխանցուի միանուագ 10ական միլիոն դրամ եւ 20 տարուան ընթացքին՝ ամսական 200,000 դրամ:
Յիշեցնենք, որ մինչ <<Զինծառայողների ապահովագրութեան>> հիմնադրամէն փոխհատուցում ստացած են 23 զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներ եւ 4 վիրաւոր (հաշմանդամ) զինծառայողներ
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ