By Yerkir Media | Wednesday, 11 November 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>,- ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը դրական չի վերաբերիր 2010ի պետական պիւտճէի նախագծին, քանի որ, ըստ իրեն, անոր մէջ դրական որեւէ կէտ չկայ: <<Ցաւօք, դրական միտումներ չկան ո՛չ այս պետական, ո՛չ էլ այն տնտեսական քաղաքականութեան մէջ, որ փաստացի իրականացւում է>>, Նոյեմբեր 10ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին նշած է ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան:
Ըստ պատգամաւորին, ամենավատը ոչ թէ անկումային ցուցանիշներն են, այլ այն, որ կառավարութիւնը, ճգնաժամին իբրեւ արդիւնք ստացած հարուածները վերականգնելու փոխարէն, կը ձգձգէ ժամանակը, մինչեւ ամբողջ աշխարհի մէջ տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքները որոշ չափով մեղմանան, զարգացող երկիրներուն մէջ տնտեսական աճ արձանագրուի եւ ատիկա ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ: Կառավարութիւնը 2009ը կը փակէ արտաքին միջոցներուն հաշուին, եւ 2010ի յոյսը՝ ձեւով մը կը դնէ արտերկրէն եկող վարկերուն վրայ:
Խնդիրը, ըստ տնտեսագէտ պատգամաւորին, մեր տնտեսական քաղաքականութիւնն է: Ա. Նռանեան համակարծիք չէ այն տեսակէտներուն հետ, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը կառավարեն սակաւապետները, իսկ գործադիր մարմինը կ՛ուզէ լաւ բան ընել, բայց չի կրնար:
<<Այն գաղափարախօսութիւնը, որ իրականացւում է կառավարութեան կողմից, համապատասխանում է օլիգոպոլ (շուկայի վրայ հակակշիռ ունեցող ընկերութիւններ-Խմբ.) շրջանակներին, համապատասխանում է ներմուծողների, խոշոր ներդրողների եւ երկրում մենաշնորհային դիրք ունեցող անձանց եւ ընկերութիւնների շահերին>>, նշած է ան՝ աւելցնելով, որ նախարար մը կամ վարչապետը փոխելով՝ ոչինչ չի փոխուիր:
Բանախօսը առաջարկած է շատ չկեդրոնանալ պետական պիւտճէին վրայ, որովհետեւ անիկա տնտեսական քաղաքականութեան հետեւանքն է: <<Ես չեմ պատկերացնում, որ վարչապետը, էկոնոմիկայի կամ ֆինանսների նախարարների տնտեսական թիմը իր տնտեսական մտածելակերպով կարող է իրականացնել այլ տնտեսական քաղաքականութիւն: Քաղաքական մեծամասնութիւնը պէտք է հասկանայ, որ իր տնտեսական գաղափարախօսութիւնը լուրջ ճաքեր է տալիս>>, նշած է ան եւ աւելցուցած, որ 2010ի պիւտճէի մասին կը բողոքեն նոյնիսկ քաղաքական մեծամասնութեան ներկայացուցիչները՝ ստեղծելով այնպիսի տպաւորութիւն, թէ այս կառավարութեան ամենէն ուժեղ ընդդիմութիւնը նոյնինքն իշխանութեան ներկայացուցիչներն են:
Այնու ամենայնիւ, չնայած դժգոհութիւններուն, ըստ Ա. Նռանեանի, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը բնականաբար չի մերժեր պիւտճէն, որովհետեւ ատիկա կրնայ փաստել, որ իրենց տնտեսական քաղաքականութիւնը ձախողութիւն արձանագրած է: <<Իսկ Հայաստանում, ցաւօք, ընդունուած չէ սեփական քաղաքական սխալներն ընդունել>>, նկատած է պատգամաւորը՝ նշելով, որ ԱԺ պիւտճէի քննարկման լիագումար նիստին ժամանակ՝ Դաշնակցութիւնը հանդէս պիտի գայ հայեցակարգային բնոյթի փաստաթուղթով՝ ներկայացնելով թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ պետական պիւտճէի մասին հիմնական խնդիրներ ու առաջարկներ:
Պատգամաւորը նշած է, որ պիւտճէի այս տեսքին, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կողմ քուէարկելու հիմքեր չի տեսներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ