By Asbarez | Tuesday, 12 December 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան անդամները 8 Դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցան Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի եւ Մարտակերտի շրջանի Կիչան գիւղի բնակիչներու հետ:
Քարվաճառ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, որուն ներկայ էին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան, բնակիչները արծարծեցին վերաբնակիչներու համար նոր բնակարաններու կառուցման, վերաբնակիչներու համար տնտեսական նպաստաւոր պայմաններու ապահովման մասին հարցեր:
Կիչան գիւղին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութենէն ներկայ էին Ալիոշա Գաբրիէլեան, Ռիտա Մնացականեան եւ Գէորգի Պետրոսեան:
Կիչան գիւղի բնակիչները յուզող հարցերէն էին Նոր Կիլիկիա բնակավայրի տուներու յանձնման, բնակեցման եւ բնակավայրի կարգավիճակին վերաբերող հարցեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ