Նալբանդեան.- Հայաստան 2018ի Գարունը Պիտի Դիմաւորէ Առանց Հայ-թրքական Արձանագրութիւններուն

By Asbarez | Thursday, 14 December 2017

1214nalbandian

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Զիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին՝ նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց, որ յանգեցուց Հոկտեմբեր 2009ին Զիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման: Նախարարը ընդգծեց, որ մինչ օրս այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, որովհետեւ Թուրքիա ներկայացուցած է անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասեն Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին ՄԱԿի Գլխաւոր ժաղովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստան արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ, որովհետեւ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ արձանագրութիւններուն», յայտարարեց Նալբանդեան:

comments