By Asbarez | Friday, 15 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ.- 1էն 10 Մարտ 2018ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը պիտի ընտրէ երկրի 4րդ նախագահը: Գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան չի կրնար առաջադրուիլ երրորդ ժամկէտով:
Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերին 2018ին, նախագահի ընտրութիւններու ընտրավազքը բացուեցաւ: Նոյն օրը, կէսօրին, յայտնի դարձաւ Հայաստանի չորրորդ նախագահի պաշտօնին առաջադրուող առաջին թեկնածուի անունը՝ «Ելք» խմբակցութենէն պատգամաւոր Արտակ Զեյնալեան:
Նշենք, որ նոր սահմանադրութեամբ, 2018էն ետք Հայաստանի նախագահը այլեւս խորհրդանշական պաշտօն է՝ սահմանափակ լիազօրութիւններով:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան վստահ է, որ «Ելք» խմբակցութեան նախագահի թեկնածուն բաւարար ձայն պիտի չկարենայ ստանալ եւ անյաջողութեան պիտի մատնուի:
«Ազգային ժողովում ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւնները իրաւունք ունեն առաջադրել թեկնածուներ: «Ելք» դաշինքի բանակցութիւնները թող յաջողութեամբ աւարտուեն Ծառուկեանի հետ, բայց գիտէք, որ Սահմանադրութիւնը ունի որոշակի պահանջներ նախագահի ընտրութեան հետ կապուած: Եթէ չեմ սխալւում, առաջին քուէարկութեան ժամանակ ձայների երեք չորրորդն է հարկաւոր, յետոյ աստիճանաբար իջնում է, որքան յիշում եմ «Ելք» դաշինքը նաեւ ԱԺ նախագահի թեկնածու էր առաջադրել… Ակնյայտ է, որ այդ նախաձեռնութիւնները չեն կարող յաջողութիւն ունենալ, բայց իրենց իրաւունքն է առաջադրելը», յայտնեց Աղուան Վարդանեան, աւելցնելով, որ ՀՀԿ–ՀՅԴ դաշինքը տակաւին չէ քննարկած ոեւէ մէկու թեկնածութիւնը, իսկ առաջադրելու իրաւունքը կը պատկանի իշխող մեծամասնութեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ