By Asbarez | Saturday, 23 December 2017
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ամփոփած է «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ» անուանակարգին մէջ 2017ի քուէարկութեան արդիւնքները:
Հաւաքելով 190 կէտ՝ Հայաստանի 2017ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ, «Մանչեսթըր Եունայթըտ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը, որ իր ասպարէզին մէջ այդ ճանաչումին արժանացաւ 8րդ անգամն ըլլալով՝ 7րդ անգամ անընդմէջ, կը հաղորդէ «Երկիրմեդիա»ն:
2017ի ընթացքին Մխիթարեան նուաճեց Եւրոպայի լիկայի, Անգլիոյ լիկայի բաժակները եւ ընդգրկուեցաւ Եւրոպայի լիկայի խորհրդանշական հաւաքականի կազմին մէջ: Մխիթարեան այսօր, աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ճանչցուած հայերէն մէկն է: Համաշխարհային ամենահեղինակաւոր լրատուամիջոցները գրեթէ ամէն օր կ՛անդրադառնան Մխիթարեանի մասին՝ նշելով նաեւ «Հայաստան» անունը, եւ այս առումով անչափելի է Մխիթարեանի աւանդը աշխարհի մէջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճանաչելիութեան տարածման գործին մէջ:
Ընդհանուր առմամբ, 39 քուէարկողներէն 38ը Մխիթարեանի անունը նշած են առաջին տեղը: 35 միաւորով երկրորդ տեղը գրաւած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ մակեդոնական «Վարդար» խումբի յարձակող Տիգրան Բարսեղեանը: 25 միաւորով երրորդ ընտրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական «Ուրալ» խումբի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ