Նախագահը Հայաստանի լրագրողներուն յորդորեց սերտօրէն համագործակցիլ սփիխւռռքահայ մամուլին հետ

By Asbarez | Saturday, 23 December 2017

 

1223journalists

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբերին, իր նստավայրին մէջ հրաւիրեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու (ԶԼՄ) ներկայացուցիչները:

Նախագահը լրագրողներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ընթացքին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններուն ու ԶԼՄներու կողմէ անոնց լուսաբանման:

Նախագահը խօսեցաւ նաեւ բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ ձեւաւորուող խորհրդարանական հանրապետութեան պայմաններուն մէջ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարման մասին, ներկայացուց ԶԼՄներէն իր ակնկալիքները յառաջիկայ համապետական կարեւորագոյն շարք մը միջոցառումներու լուսաբանման առումով:

Իր խօսքին մէջ նախագահը նաեւ առանձնաբար անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլի միջոցներու համագործակցութեան կարեւորութեան:

«Անցնող տարում դուք ակտիւօրէն լուսաբանեցիք Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6րդ համաժողովի աշխատանքները: Դրանով հնարաւորութիւն ստեղծուեց այդ համաժողովին տասը միլիոն հայերի վիրտուալ (իրականի, ուղղակիի նման-Խմբ.) մասնակցութեան համար: Զանգուածային լրատուութեան միջոցների դերը եւ նշանակութիւնը քննարկելիս պէտք է մշտապէս յիշենք, որ եւս եօթ միլիոն հայ ապրում է մայր Հայաստանից դուրս:

«Կոչ եմ անում գալիք տարիներին աշխուժացնել Սփիւռքի համայնքներում գործող լրատուամիջոցների հետ կապերը», յայտարարեց նախագահը:

comments