Ծառուկեան դաշինքը նախագահի թեկնածու չունի

By Asbarez | Friday, 29 December 2017

1229dzarougian

ԳԻՒՄՐԻ, <<Ազատութիւն>> - Գագիկ Ծառուկեան Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին բացասական պատասխան տուաւ <<Ազատութեան>> լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք <<Ծառուկեան>> դաշինքը նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ՞:

<<<<Ծառուկեան>> դաշինքը երբեք ու երբեք չի պարտուելու: Եթէ մեր քանակը այսօր քիչ է, ինչի՞ հիման վրայ մենք պէտք է դնենք, ուզում եմ մի հատ հասկանամ: Եթէ մերը 31 պատգամաւոր է՝ հարկաւոր է 75ը, ինչի՞ համար պէտք է դնենք: Մենք մեր ծանր տեղը երբեք չենք թեթեւացնելու>>, յայտարարեց դաշինքի առաջնորդը:

Փոփոխուած Սահմանադրութեամբ՝ յառաջիկայ Ապրիլէն երկրի առաջին պաշտօնեան ոչ թէ նախագահը պիտի ըլլայ, այլ՝ վարչապետը: Նախագահը պիտի ընտրուի Ազգային ժողովին կողմէ՝ 7 տարի ժամկէտով: Նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի երեք քառորդի, այսինքն՝ 105էն առնուազն 79ին ձայները:

Յիշեցնենք, որ 9 հոգիէ բաղկացած <<Ելք>> ընդդիմադիր խմբակցութիւնը որոշած է նախագահի թեկնածու առաջադրել պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեանը եւ գրաւոր կերպով դիմած է 31 պատգամաւոր ունեցող <<Ծառուկեան>> խմբակցութեան՝ առաջարկելով Զէյնալեանի թեկնածութեան առաջադրման հարցով խորհրդակցութիւններ ունենալ:

 



comments