By Asbarez | Wednesday, 03 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ, աւանդոյթի համաձայն, այցելեց հանրապետութեան սահմանամերձ բնակավայրերէն մէկը եւ անոր պետական սահմանի պահպանութեան տեղամասը ու մարտական դիրքը:
Այս տարի Նախագահը այցելեց Տաւուշի մարզի Պառաւաքար համայնքը եւ սահմանային տեղամասն ու մարտական դիրքը: Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ մարտական դիրքին վրայ ծառայող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջեցաւ մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացաւ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:
Հանրապետութեան նախագահը խրախուսեց ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ յատկանշուած խումբ մը սպաները եւ զինուորները՝ անոնց յանձնելով նուէրներ: Սերժ Սարգսեան թէյի սեղանի շուրջ զրուցեց զինուորներուն հետ, ապա տօնական սեղանին շուրջ մարտական յենակէտին մէջ անոնց հետ ճաշեց:
Նախագահը շնորհաւորեց Հայոց բանակի բոլոր զինուորները գալիք տօներուն առիթով, յղեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ սահմանամերձ Պառաւաքարի մէջ հանդիպում ունեցաւ գիւղի, ինչպէս նաեւ Վարագաւան, Ներքին Ծաղկաւան, Չինչին համայնքներու բնակիչներուն ու Իջեւանի եւ Բերդի տարածաշրջաններու սահմանամերձ համայնքներու ղեկավարներուն եւ վարչական ներկայացուցիչներուն հետ: Տօնական սեղանին շուրջ Սերժ Սարգսեան զրուցեց անոնց հետաքրքրող եւ յուզող հարցերու մասին, շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւններ յղեց տօներուն առնչութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը ծաղիկներ տեղադրեց ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին եւ վեհափառ հայրապետին հետ մոմ վառեց խաչքարին մօտ գտնուող մատուռին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ