Ելք ընդդիմադիր դաշինքը թանկացումներու դէմ բողոքի ցոյց կը կազմակերպէ

By Asbarez | Wednesday, 10 January 2018

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Լրագրող Լիլիթ Մուրատեան կը հաղորդէ, որ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը ցոյց կազմակերպած է ընդդէմ թանկացումներուն: Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 19 Յունուարին:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնը կը հաւատայ, որ 2018ի առաջին օրերէն սկսեալ, թանկացումները կը սպառնան ընկերային լուրջ հետեւանքներով,  եւ հանրութիւնը պէտք է կառավարութեան ստիպէ գնաճը զսպող քայլերու դիմել:

«Ո՛չ թանկացումներուն եւ հարկային բեռի աւելացման» կարգախօսով 19 Յունուարի բողոքի երթը պիտի շարժի քաղաքի կեդրոնական փողոցներով՝ սկիզբ առնելով Մոսկուա շարժապատկերի սրահի հրապարակէն:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement