Սերժ Սարգսեան մաղթած է, որ Հայաստանի 4-րդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանի մեծամասնութեան կողմէ

By Aztag Daily | Sunday, 14 January 2018



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 յունուարին Ազգային ժողովի ղեկավար կազմին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտած է, թէ նման ձեւաչափով հանդիպում մը աննախադէպ է եւ նպատակ ունի հիմնականօրէն ծանրանալ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի ստեղծումով իրականացուելիք լայնածաւալ աշխատանքին, բոլոր կողմերը հետաքրքրող արդիական շարք մը հարցերու վրայ:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսած է Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման ընթացքին խորհրդարանին կողմէ տարուած աշխատանքին մասին` միաժամանակ ընդգծելով, որ պէտք չէ բաւարարուիլ կատարուածով, այլ անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքի կշռոյթը, որպէսզի առկայ բոլոր խնդիրներուն ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ օրէնսդրական լուծումներ տրուին: Ան նշած է, թէ նախորդ տարուան 18 մայիսէն ի վեր օրէնսդիր մարմինը ընդունած է 286 օրէնք, որոնցմէ 15-ը լիովին նոր օրէնքներ են:

Ան շեշտած է, որ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն շնորհիւ կազմուած նոր մարմինին` Ազգային ժողովի խորհուրդին, որ պէտք է զարգանայ եւ ամրապնդուի` էապէս նպաստելով Ազգային ժողովի աշխատանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման:

<<Ազգային ժողովը պէտք է հանդէս գայ իբրեւ մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքի կարեւոր հարթակ: Այս առումով, ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, ամէն ինչ չէ, որ հարթ եւ սահուն կ’ընթանայ>>, ըսած է նախագահը` դիտել տալով, որ երբեմն մթնոլորտը կը սրի, տագնապները կը շեշտուին, սակայն ժամանակի թաւալումով ամէն ինչ կը հանդարտի, եւ լուծման ուղիներ կը գտնուին:

Դէպի ապագայ ընթացող այս անցումային շրջանին նախագահը կարեւոր նկատած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երկրի առօրեային եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներուն` շեշտելով, որ խորհրդարանը պէտք է իր ձեռքը պահէ երկրին զարկերակին վրայ, հարցը հանգամանօրէն հրապարակաւ պէտք է քննարկուի, եւ մարդիկ տեսնեն իրողութիւնները: <<Հայաստանին պէտք է այնպիսի խորհրդարան, որ ո՛չ միայն ճիշդ ժամանակին որդեգրէ բոլոր անհրաժեշտ օրէնքները, այլեւ իրականացնէ արդիւնաւէտ խորհրդարանական վերահսկողութիւն>>, ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Ապա ան խօսած է այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ լուրջ քաղաքական շրջափուլ: <<Մինչեւ այս տարուան մարտ 9-ը Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը: Յոյսով եմ, որ նոր սահմանադրական ընթացակարգով նախատեսուած այս ընտրութիւններուն Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորները կը մօտենան ամենայն պատասխանատուութեամբ: Եւ ի հարկէ, ցանկալի է, որ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի խորհրդարանական ընդարձակ համաձայնութեամբ>>, յոյս յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Անոր համաձայն, տարբեր աշխատանքներուն կողքին Ազգային ժողովը նաեւ պէտք է նշանակէ նորաստեղծ ինքնավար մարմինի` Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի անդամները. ան շեշտած է, որ Հայաստանի եւ անոր տնտեսութեան ապագային համար շատ կարեւոր է լրջօրէն պայքարիլ այդ չարիքին դէմ:

Ան նաեւ յիշած է, որ 9 ապրիլէն ետք Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

<<Այս տարի մենք պիտի տօնենք Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման 100-րդ տարեդարձը, եւ մենք պատասխանատու ենք ո՛չ միայն ժամանակակիցներուն, այլ նաեւ Հայաստան աշխարհի հազարամեակներու պատմութեան եւ մայիսեան մարտերու հերոսներու յիշատակին հանդէպ: Վստահ եմ, որ այս հանգամանքի գիտակցութիւնը մեզի կ’ընկերակցի յառաջիկայ ամիսներուն>>, եզրափակած է նախագահ Սարգսեան:

Խորհրդարանի նախագահը, անոր տեղակալները եւ հանդիպման ներկայ միւս պատգամաւորները` <<Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն>>, <<Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն>>, <<Ծառուկեան>> խմբակցութիւններու ղեկավարներն ու մնայուն յանձնախումբերու նախագահները քննարկման ընթացքին իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցած են նախագահին կողմէ կարեւոր նկատուած խնդիրներու եւ կատարուելիքներու, խորհրդարանական կառավարման համակարգով Ազգային ժողովի աշխատանքի առաջնահերթ ուղղութիւններուն, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահին խօսքէն ետք Արա Բաբլոյեան ներկայացուցած է Սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովին վերապահուած լիազօրութիւններուն լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման, Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութեան ապահովման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման գործունէութեան ընթացքին իրականացուած աշխատանքները, հանրութիւնը հետաքրքրող կարեւորագոյն եւ արդիական հարցերուն վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ կայացած լսումները, մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու գործունէութեան յիշեալ ժամանակահատուածի արդիւնքները:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement