Ռուստամեան - Պիտի առաջարկենք գործիքակազմեր, որպէսզի սփիւռքն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ նախագահի ընտրութեան

By Aztag Daily | Sunday, 14 January 2018


ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով այն հարցին, թէ 2018 թուականին Դաշնակցութիւնը նախագահական թեկնածու պիտի առաջադրէ՞, թէ՞ ոչ, ըսած է, որ ամէն ինչ իր ժամանակն ու ընթացքը ունի, ներկայիս այդ գծով քննարկումներ չկան տակաւին:

Ան նշած է, որ նախագահը պէտք է ըլլայ այնպիսի մէկը, որ լաւապէս հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործէ նոր համակարգը: <<Նախագահ անունը պահպանուած է միայն, բայց լիազօրութիւնները բոլորովին այլ են, եւ այլեւս նոյն լիազօրութիւններով նախագահ չի կրնար ըլլալ>>, դիտել տուած է պատգամաւորը: Ռուստամեանի համաձայն, սահմանադրական եզրերուն եւ պահանջներուն համապատասխան նախագահ պէտք է ունենանք: <<Պէտք է ունենանք այնպիսի նախագահ, որ առնուազն ամբողջացնէ հիմնական պահանջները, եւ ան պէտք է, ըստ էութեան, դառնայ համայն հայութեան նախագահը, որովհետեւ մենք ունինք հսկայական սփիւռք եւ կը մտածենք այն մասին, որ նախագահի ընտրութեան փուլին մէջ ներգրաւուի նաեւ սփիւռքը>>, նշած է ան:

Ըստ պատգամաւորին, այդ հարցը իրենց օրակարգին վրայ է: <<Մենք այդ խնդիրը չկրցանք սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ այս փուլին լիարժէք իրականացնել` ապահովելու համար նաեւ սփիւռքի մասնակցութիւնը նախագահի ընտրութեան, բայց այդ խնդիրը տակաւին առկայ է մեր օրակարգին վրայ:

Ապագային մենք անպայման պիտի առաջարկենք գործիքակազմեր, հաւանական տարբերակներ, որպէսզի սփիւռքն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ>>, ըսած է Ռուստամեան:

Ըստ անոր, նոր նախագահը այդ առումով եւս պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ, որպէսզի յաջորդ նախագահի ընտրութեան ատեն ապահովէ սփիւռքի մասնակցութիւնը: <<Ասիկա պիտի ըլլայ մեր հիմնական ակնկալութիւնը նոր նախագահէն: Մնացած հարցերը ընթացքին կը լուծենք>>, նշած է Արմէն Ռուստամեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement