Ազնաւուր. «Իմ Երկրի Մէջ Ցեղասպանութիւն Տեղի Կ՛ունենայ»

By Asbarez | Tuesday, 13 December 2011

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Դեկտեմբեր 12ին, Մոսկուայի մէջ իր ունեցած համերգէն ետք, յայտնի երգիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, լրագրողներու հետ խօսելով՝ քննադատած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած պայմանները:

«Այսօր իմ երկրին մէջ ներքին ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ատիկա քաղաքականապէս անընդունելի կը համարեմ։ Հայաստանին շնչելու հնարաւորութիւն չտալով՝ կառավարութիւնը իր երկիրը կը զրկէ երիտասարդութենէն, որ կը հեռանայ: Այդ իմաստով, խնդիրը արդէն քաղաքական չէ, այլ՝ համամարդկային: Անիկա պէտք է անյապաղ լուծուի», յայտարարած է Ազնաւուր:

comments

Advertisement