By Asbarez | Thursday, 18 January 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին, խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին անդրադարձաւ վերջին շրջանին արձանագրուած կարգ մը ապրանքներու գիներու թանկացման:
Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ատեն, պատասխանելով <<Ծառուկեան>> խմբակցութեան պատգամաւոր Շաքէ Իսայեանի հարցումին՝ վարչապետը նախ ընդգծեց, որ պաշտօնական գնաճը Հայաստանի մէջ 2.6 տոկոս է, Վրաստանի մէջ՝ 6.7 տոկոս, Ատրպէյճանի մէջ՝ 7.9 տոկոս:
Ապա վարչապետը անդրադարձաւ պենզինի, խտացուած կազի եւ տիզելային վառելիքի թանկացման:
Վարչապետը նշեց, որ պենզինը թանկացած է 20 դրամով:
<<Այս պահին Վրաստանում բենզինի գինն աւելի բարձր է այն դէպքում, երբ մենք բենզինը մեր երկիր տրանզիտով բերում ենք հէնց Վրաստանից: Բացի այդ, Բենզինի օգտագործողը ունի այլընտրանք՝ սեղմած գազը: Գազը թանկացել է 20 դրամով, դարձել է 190-220 դրամ: Սեղմած գազի դէպքում վերականգնուել է այն գինը, որ եղել է 2015թ.: Լաւ չէ, որ թանկացել է սեղմած գազի գինը, սակայն սա նոր պահանջ չէ, քանի որ մենք շուկայում այս գնով աշխատել ենք եւ այն ժամանակ էժանացրել ենք, քանի որ այդպիսի հնարաւորութիւն է եղել>>, մանրամասնեց վարչապետը, աւելցնելով, որ խտացուած կազի գինը դրացի Վրաստանի մէջ նոյնպէս բարձրացած է:
Անդրադառնալով տիզվառելիքի թանկացման՝ վարչապետը ընդգծեց, որ վառելիքի այս տեսակի թանկացումը որոշ կերպով կրնայ վնասել գիւղատնտեսութեան: Կարապետեան տեղեկացուց, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը հաշուարկներ կատարած է եւ պարզած, ո՛ր գիւղատնտեսական ապրանքները կրնան այդ պատճառով սղիլ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը քննարկէ գիւղատնտեսութեան համար տիզվառելիքի ձեռքբերման աջակցիլ, նուազ գինով զայն սպառողներուն տարմադրելով:
Վարչապետը կը հաւատայ, որ վառելանիւթի գիներու աճը խնդրայարոյց չէ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ