Բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան. Լեւոն Մկրտչեան

By Asbarez | Friday, 19 January 2018

0119levon

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է <<Բարձրագոյն կրթութեան մասին>> Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնեց, որ այս մէկը տարիներու աշխատանքի արդիւնք է: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը:

<<Այս օրէնքին ընդունումէն ետք, մեր բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ տեղի պիտի ունենան արմատական փոփոխութիւններ>>, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան:

Ըստ նախարարին՝ այսպիսով կը կատարուի ԵՄի հետ կրթութեան նախարարութեան համաձայնութիւնը՝ բարձրագոյն կրթութեան համակարգի եւրոպական տարածքին ամբողջութեամբ ընդելուզման հինգ պայմաններէն մէկը:

<<Ուսանողը, ըստ էութեան, կը ստանայ շարժունակութիւն. ինք պէտք է կարենայ ծրագրել իր ուսման գործընթացը>>, ըսաւ նախարարը՝ ընդգծելով, որ օրէնքը բաց ամպիոն կը ստեղծէ եւ շատ ճկուն է:

Մկրտչեան բացատրեց, որ երեք տարի ժամանակ ունինք մեր համալսարաններու կառուցուածքները ճշդելու եւ ուսումնական գործընթացը ամբողջութեամբ նոր հիմքերով կազմակերպելու համար:

 



comments