Տաւուշի մէջ զինուոր մը վիրաւորուեցաւ

By Asbarez | Friday, 19 January 2018

0119injuredsoldier

Տաւուշի մարզին մէջ ատրպէյճանական կողմի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

<<Վիրաւորուած է զինծառայող Ադիբեկ Միկոյեանը: Ան Տաւուշէն տեղափոխուած է Երեւան: Բարեբախտաբար, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար>>, կը յայտնէ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ըստ <<Նիուզ>>ի՝ վիրաւորուած զինուորը պայմանագրային զինծառայող 30ամեայ Ադիբեկ Միկոյեանն է: Ան տեղափոխուած է պաշտպանութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց. անոր  վիճակը կայուն է։

Արծրուն Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ իրավիճակը Տաւուշի մէջ լարուած չէ: <<Ամէն օր ալ կը կրակեն, բայց իրավիճակը լարուած չէ>>:

 



comments