By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 23 Յունուար 23ին, Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցաւ Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին, որ նուիրուած էր 2017ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2018ին կատարելիք աշխատանքներուն:
Իր ելոյթին ընթացքին երկրի ղեկավարը անդրադարձաւ 2017ին բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացած մեծածաւալ աշխատանքներուն, յանձնարարականներ տուաւ 2018ին նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Նախագահ Սահակեան 2017ի ընթացքին իրականացած աշխատանքները, ընդհանուր առմամբ, գնահատեց բաւարար՝ նշելով, որ անոնց արդիւնքները տեսանելի են:
Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ ներկայացուած առաջադրանքները կարեւոր են եւ կը պահանջեն ամէնօրեայ համակարգուած, քրտնաջան աշխատանք հրամանատարական կազմի բոլոր օղակներուն կողմէ:
<<Համոզուած եմ, որ մեր բանակը, ինչպէս միշտ, կարողութիւնը ունի արդիւնաւէտ կերպով լուծելու իր դիմաց գտնուող հարցերը: Պետութիւնը, իր հերթին, պիտի շարունակէ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել բանակաշինութեան մարզը, պիտի կատարէ ամէն ինչ՝ զինուած ուժերուն մարտունակութիւնը բարձր պահելու, զինծառայողներուն հասարակական հարցերը լուծելու ուղղութեամբ>>, յայտնեց երկրի ղեկավարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ