Կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ գիւղատնտեսութեան արտադրանքին՝ վառելանիւթի գիներու բարձրացման հարցով

By Asbarez | Wednesday, 24 January 2018

0124agri

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կառավարութիւնը կը քննարկէ գիւղատնտեսական արտադրանքի գիներուն վրայ վառելանիւթի արժէքի բարձրացման ազդեցութիւնը մեղմացնելու կամ նուազեցնելու օժանդակութեան ծրագիր:

Ազգային ժողովին մէջ, գնաճը մեղմացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, յայտնեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան:

<<Մենք հիմա կը քննարկենք օժանդակութեան ծրագիր, որուն կառուցակազմերը պիտի հրապարակենք, երբ կառավարութեան կողմէ ծրագիրը վերջնական հաւանութեան արժանանայ: Մենք յստակօրէն պիտի ներկայացնենք, թէ ինչպէս պիտի օժանդակենք, որքան եւ ինչ ուղղութիւններով>>, յայտնեց նախարարը:

Իգնատի Առաքելեան նաեւ ըսաւ, որ առաջին հերթին ուշադրութիւն պիտի դարձնեն գիւղատնտեսական արտադրանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ: Ան յայտնեց, որ բացի գիւղատնտեսական սարքերէն՝ վնասներու ցանկին մէջ պիտի ներառեն նաեւ փոքր ջերմոցային տնտեսութիւններ եւ այլ սարքեր, որոնք գիւղացիին հնարաւորութիւն պիտի տան առաւել որակաւոր արտադրանք ունենալու:

 



comments