Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու համար. Նախագահ

By Asbarez | Thursday, 25 January 2018

0125serj

Կաշառակերութեան դէմ պայքարը պէտք է գերակայութիւն հանդիսանայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր շերտերուն համար. այդ ուղղութեամբ Հայաստան նախատեսած է նոր գործիք: Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ ԵԽԽՎ ամպիոնէն նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

<<Մենք ընդունած ենք քանի մը օրէնքներ, որոնցմով երկրին մէջ կը ստեղծուի կաշառակերութեան կանխարգիլման մարմին: Անիկա պիտի սկսի գործելու այս տարի, իսկ այդ մարմինի անդամները պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ>>, յայտնած Հայաստանի նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նաեւ ըասած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է ազդարարման համակարգի եւ ազդարարներու պաշտպանութեան մասին օրէնքը եւ երկրին մէջ քրէականացուած է ապօրինի հարստացումը: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան պիտի աշխատի հետեւողականօրէն՝ կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու նպատակով:

 



comments